image
Հրատապ լուրեր:

5 հիւանդ պարագայ եւս Արցախէն դէպի Հայաստան տեղափոխուեցաւ

5 հիւանդ պարագայ եւս Արցախէն դէպի Հայաստան տեղափոխուեցաւ

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ այսօր եւս 5 հիւանդ տեղափոխած են Հայաստան։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը։

««Հանրապետական բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ-ից հինգ հիւանդներ՝ «երիկամի փոխպատուաստումից յետոյ, ձախակողմեան փոքր երիկամ, պարբերական հիւանդութիւն», «Յղիութիւն VII, 19-20 շաբաթ, պտղի մօտ 21, 18, 13 քրոմոսոմային տրիսոմիաների բարձր ռիսկ», «Ձախ կրծքագեղձի քաղցկեղ», «Ձախ թոքի քաղցկեղ», եւ «ականապայթիւնային վիրաւորումից յետոյ, յետվիրահատական անօֆթալմ» ախտորոշումներով, այսօր տեղափոխուել են ՀՀ տարբեր մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխած են ընդհանուր 24 հիւանդ։