ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի գործով դատաւորը հինգ ամիս է` չի սկսիր դատական քննութիւնը: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած են Տօնոյեանի շահերու պաշտպանները.
«Դաւիթ Տօնոյեանի եւ միւսների վերաբերեալ գործով 27․06․2022 թուականին նշանակուած դատական նիստը չի կայացել, քանի որ նախագահող դատաւոր Մանուէլ Շահվերտեանը դատական նիստից կէս ժամ առաջ պէտք է դեսապանատուն այցելէր: Յառաջիկայ դատական նիստին Դաւիթ Տօնոյեանը դատաւորից պահանջելու է ինքնաբացարկ յայտնել, քանի որ, խախտելով գործի քննութեան ողջամիտ ժամկէտները, իր ծանրաբեռնուածութեան, դատական նիստերի դահլիճի ազատ չլինելու, վերապատրաստման դասընթացներին մասնակցելու, իր եւ իր ընտանիքի անդամի առողջական խնդիրների, իսկ այս անգամ էլ դեսպանատուն այցելելու պատճառաբանութիւններով յետաձգում է դատական նիստերը եւ 5 ամիս է` չի սկսում դատական քննութիւն` դրանով իսկ արհամարհական վերաբերմունք դրսեւորելով կալանքի տակ գտնուող անձանց անձնական ազատութեան իրաւունքի նկատմամբ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: