image

44-օրեայ պատերազմը քննող յանձնաժողովը Փետրուարի՞ն

44-օրեայ պատերազմը քննող յանձնաժողովը Փետրուարի՞ն

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը մի քանի օրէն որոշում պիտի կայացնէ 44-օրեայ պատերազմը քննող յանձնաժողով ստեղծելու վերաբերեալ։ Իշխանական պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեան ըսաւ՝ ամենայն հաւանականութեամբ Փետրուարին պիտի ձեւաւորուի։

«Կարծում եմ՝ Փետրուար ամսին։ Մօտ օրերս յայտարարութիւն կ՛արուի եւ, իմ կարծիքով, Փետրուար ամսին արդէն որոշում կը կայացուի էդ յանձնաժողովը ստեղծելու մասին», ըսաւ Խաչատրեանը։

Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը եօթը ամիս առաջ յայտարարած էր, որ շուտով պիտի ձեւաւորուի յանձնաժողովը։ Եօթը ամսուայ ընթացքին իշխանականները իրաւական ուղիներ կը փնտռեն, որ շրջանցեն Ազգային ժողովի կանոնակարգն ու յանձնաժողովը աւելի մեծ մասշտաբով ձեւաւորեն՝ ընդգրկուին նաեւ արտախորհրդարանական ուժերը։ Իսկ Ազգային ժողովի կանոնակարգով կարող է ձեւաւորուիլ միայն Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի հիման վրայ։

«Աշխատանքը կատարելու են էդ պատգամաւորները յանձնաժողովի, բոլորն իրավահաւասար են, եւ այստեղ որեւէ բան փոխել, կամ առարկայական իրականութեան մէջ ինչ-որ պատկերներ փոխել, կամ շեղել բացառապէս հնարաւոր չէ», ըսաւ Արմէն Խաչատրեանը։

Եթէ Ազգային ժողովի կանոնակարգով ձեւաւորուի ապա յանձնաժողովը պիտի ղեկավարէ իշխանական պատգամավոր Անդրանիկ Քոչարեանը, անդամներու մեծամասնութիւնն ալ պիտի ըլլայ իշխող խմբակցութենէն, ինչպէս պաշտպանութեան յանձնաժողովին մէջ է։