image

Արցախեան պատերազմէն ասդին. Հայաստանէն 309 անձ անյայտ կորսուած կը համարուի

Արցախեան պատերազմէն ասդին. Հայաստանէն 309 անձ անյայտ կորսուած կը համարուի

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն 2022-ին աւելի քան 1550 բանաւոր, տեսաձայնային եւ գրաւոր հաղորդագրութիւններ փոխանցած է արցախեան եւ հայ–ատրպէյճանական հակամարտութիւններու առնչութեամբ ազատազրկուածներու ընտանիքներուն: Այս մասին կը տեղեկանանք կոմիտէի տարեկան ամփոփիչ զեկոյցէն։

Նշուած է, որ Կրմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն կանոնաւոր կերպով կ'այցելէ ազատազրկուած անձանց՝ նպաստելով հարազատներու հետ անոնց կապի հաստատման եւ պահպանման։

«Շարունակել ենք այցելել 2020 եւ 2021 թթ.-ի հակամարտութեան սրացումների առնչութեամբ ազատազրկուած այն անձանց, որոնց ազատազրկման փաստը հաստատուել է համապատասխան իշխանութիւնների կողմից։ Այցելութիւնների ընթացքում մշտադիտարկել ենք նրանց հանդէպ վերաբերմունքն ու ազատազրկման պայմանները, նպաստել ընտանիքների հետ կապի վերահաստատմանը։ Իշխանութիւնների համաձայնութեամբ՝ ազատազրկուած անձանց կապն ընտանիքների հետ պահպանուել է Կարմիր խաչի նամակների, հեռախօսազանգերի, բանաւոր եւ տեսաձայնագրուած հաղորդագրութիւնների միջոցով»,–ըսուած է զեկոյցին մէջ։

Նշուած է նաեւ, որ կապը ընտանիքներու հետ մեծ յուզական աջակցութիւն է ազատազրկուածներու ու անոնց ընտանիքներու համար, յաճախ նաեւ միակ ապացոյցը, որ իրենց հարազատը ողջ է։

Միաժամանակ, նշենք, որ Կրմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն 2022-ին աւելի քան 6000 զանգ եւ այց ունեցած է անյայտ կորսուած անձանց ընտանիքներու կողմէ Երեւանի գրասենեակէն ներս: 62 ընտանիք դիմած է Կրմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին՝ իրենց անյայտ կորսուած հարազատներու ճակատագիրը պարզելու խնդրանքով եւ բացած որոնման յայտեր։ 63 ընտանիք պարզած են իրենց հարազատներու ճակատագրերը։

Բացի այդ, 309 անձ Հայաստանէն դեռ անյայտ կորսուած կը համարուի հակամարտութեան 2020, 2021 թուականներու եւ 2022-ի սեպտեմբերի սրացումներու հետեւանքով։