image

25 Մայիսի հանդիպման առընթեր Մոսկուան լաւատես

25 Մայիսի հանդիպման առընթեր Մոսկուան լաւատես

Մոսկուան յոյս ունի, որ 25 մայիսին Ռուսիոյ մայրաքաղաքի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու կայանալիք հանդիպումն արդիւնաւէտ կ'ըլլայ։ Այս մասին ատրպէյճանական Report-ին յայտնած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Հինգշաբթի այստեղ պիտի ըլլան ե՛ւ նախագահ Ալիեւը, ե՛ւ վարչապետ Փաշինեանը, մենք կ'ակնկալենք, որ շփումներ ըլլան մեր նախագահին հետ, այս շփումներու նախապատրաստական աշխատանքները կ'ընթանան, եւ, ի հարկէ, մենք կը ցանկայինք արդիւնաւէտութեան յոյս ունենալ, թէ որքանո՞վ արդիւնաւէտ, ժամանակը ցոյց կու տայ»,- ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը։

Աւելի վաղ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած են եռակողմ բանակցութիւններ՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու մասնակցութեամբ: