image

22 Նորագիրներ միացած են ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի մարմնի շարքերուն

22 Նորագիրներ միացած են ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի մարմնի  շարքերուն

22 Նորագիրներ   միացած են ՀՅԴ շարքերուն: Այս  մասին կը գրէ  «Ասպարէզ»  օրաթերթը:Աղբիւրը կը նշէ, որ շաբաթ, 21 յունուարին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» կեդրոնի «Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան» սրահին մէջ 22 հայորդիներ, իրենց երդումը տալով՝ համալրած  են  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը:

 

Ըստ  թերթին  ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին յառաջացուցած դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ Յարութ Մկրտչեան, երդման արարողութենէն առաջ սրահին մէջ հաւաքուած մեծաթիւ կուսակցականներուն ներկայացուցած է  նորագիրները ու անոնց կնքամայրը՝ Անի Պէրպէրեանը։

 

Հայերէնի վաստակաւոր ուսուցչուհի եւ կուսակցական պատկառելի ծառայութիւն ունեցող Անի Պէրպէրեանը նորագիրներուն փոխանցած է  իր պատգամը՝ ըսելով.

 

«Ուրախ ենք, որ 22 նորագիրներ, յաջողութեամբ աւարտելէ ետք ՀՅԴ շարքերը մուտքի պատրաստութեան դաստիարակչական ծրագիրը՝ այսօր պատրաստ են իրենց թանկագին կեանքն ու բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնելու հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան, ազատագրական մեր պայքարին միանալու ճամբով:

 

Քիչ ետք, մեր բոլորին ներկայութեան, դուք պիտի կատարէք սրբազան երդումը՝ խոստանալով հետեւիլ Քրիստափորներու, Բաբգէն Սիւնիներու, Արամ Մանուկեաններու եւ մեր միւս բոլոր նուիրեալներու ծառայութեան օրինակին:

 

Այս երդումով՝ դուք մաս պիտի կազմէք ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին, եւ ձեր առջեւ պիտի բացուի գործի նոր ու ընդարձակ դաշտ, որուն ուղին հարթ ու հեզասահ չէ՛, այլ երբեմն փոթորկոտ է ու փշոտ»:

Այնուհետեւ, յանուն ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ շրջանի բոլոր շարքայիններուն, նորագիրներուն շնորհաւորանքի խօսք փոխանցեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ռազմիկ Հարուն:

Նորագիրներուն իր պատգամը փոխանցեց նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան:

 

Երդման արարողութենէն ետք, Կլենտէյլի «Սիվիք Օտիթորիում» հսկայական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 126րդ տարեդարձին նուիրուած խրախճանքը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան սիրուած երգիչ Անդրէն եւ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան:

Խրախճանքին հանդիսավարն էր Սանան Շիրինեան: