image
Հրատապ լուրեր:

2026-ին գրեթէ անհաւանական է Հայաստան-Ատրպէյճան ռազմական մագլցումը․ Արտաքին հետախուզութիւն

2026-ին գրեթէ անհաւանական է Հայաստան-Ատրպէյճան ռազմական մագլցումը․ Արտաքին հետախուզութիւն

Հայաստանի Արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը գրեթէ անհաւանական կը համարէ 2026-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարբեր մաշտապներու ռազմական մագլցումը։ Այս մասին ըսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին անվտանգութեան վտանգներու (ռիսք) վերաբերեալ Ծառայութեան տարեկան զեկոյցին մէջ։

«2025-ին ինտենսիւօրէն շարունակուած երկկողմ բարձրաստիճան բանակցութիւնների, ինչպէս նաեւ օգոստոսի 8-ին ԱՄՆ նախագահ Դոնալդ Թրամփի ակտիւ ներգրաւմամբ ձեռք բերուած Վաշինգտոնեան հռչակագրի եւ «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին» համաձայնագրի նախաստորագրման արդիւնքում զգալիօրէն նուազել է ռազմական էսկալացիայի եւ բարձրացել խաղաղ կարգաւորման հաւանականութիւնը։ Նշուած եւ ուղեկցող գործընթացների ու տուեալների համապարփակ վերլուծութեան արդիւնքում գրեթէ անհաւանական ենք համարում 2026-ին Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ ռազմաքաղաքական մտադրութեամբ պայմանաւորուած տարբեր մասշտաբների ռազմական էսկալացիան։ Քիչ հաւանական ենք համարում նաեւ այնպիսի տեղային գործողութիւնները կամ միջադէպերը, որոնք ռազմաքաղաքական մտադրութեամբ չեն պայմանաւորուած»,-ըսուած է զեկոյցին մէջ։ 



Ազգային հետախուզական ծառայութեան տուեալներով, 2026-ին մեծ հաւանականութեամբ, նոր առաջընթաց պիտի գրանցուի սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացին մէջ, երկկողմ առեւտրատնտեսական նախաձեռնութիւններու, հասարակութիւններու երկխօսութեան, մարդասիրական եւ այլ հարցերու մէջ։ Տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման պարագային եւս, մեծ հաւանականութեամբ, առաջընթաց պիտի գրանցուի արդէն իսկ սկսած գործընթացներու մէջ, իսկ հարեւաններու հետ Հայաստանի երկկողմ կապակցուածութեան նախաձեռնութիւնները պիտի խթանեն տարածաշրջանային առաւել ընդգըրկուն տնտեսական նախագիծերու ընթացքը։

«Միեւնոյն ժամանակ սակայն, 2026-ին կ՚ընդլայնուեն կապակցուածութեան ապահովման այս գործընթացների դէմ մեր տարածաշրջանում սեփական ազդեցութիւնը պահպանելու եւ աւելացնելու շահեր հետապնդող պետութիւնների կողմից վնասակար գործողութիւնների ռիսկերը։ Իսկ Ադրբեջանի եւ այլ դերակատարների կողմից Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը հարցականի տակ դնող, կապակցուածութեան ծրագրերի իրականացմանը խոչընդոտող վնասարար խօսոյթների ու հասկացութիւնների հետեւողական կիրառութիւնը միայն կը նպաստի այդ ռիսկերի նիւթականացմանը»,- ըսուած է զեկոյցին մէջ։ 



Ծառայութեան համապարփակ վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ խաղաղութեան կառուցման վրայ էականօրէն բացասաբար ազդող եւ ռիսքային գործօն են Ատրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով առաջ տարուող, այսպէս կոչուած «արեւմտեան Ատրպէյճան»ի եւ «արեւմտեան ատրպէյճանցիներու վերադարձ»ի խօսոյթներն ու ատոնց ուղեկցող գործողութիւնները։ Ծառայութեան ունեցած տուեալները ցոյց կու տան, որ Ատրպէյճանը Ուաշինկթընեան հռչակագիրէն ետք ոչ միայն չէ նուազեցուցած, այլեւ էականօրէն աշխուժացուցած է սոյն քարոզչութիւնը, որ զգալի ռիսքեր կը ստեղծէ տարածաշրջանային կայունութեան, անվտանգութեան եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան համար։

2026-ին Ծառայութեան առաջնահերթ խնդիրներէն է պիտի ըլլայ շարունակաբար գնահատելը, թէ ինչ է Ատրպէյճանի կողմէ «արեւմտեան ատրպէյճանցիներու վերադարձ»ի առաջ մղման պետական քաղաքականութեան իրական նպատակը։ Գնահատման ենթակայ է մասնաւորապէս այն, թէ արդեօ՞ք Ատրպէյճանը, այդ թեմաները, նոր ազգային գաղափարախօսութիւն դարձնելով, մտադիր է որեւէ նոր ձեւաչափով հակամարտութիւնը տեղափոխել Հայաստանի տարածք, թէ՞ այսպէս կոչուած «արեւմտեան ատրպէյճանցիներու վերադարձ»ի այս խօսոյթն Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական սակարկման եւ մասնաւորապէս՝ Ղարաբաղի հայերու վերադարձի թեմային հակազդելու գործիքակազմի մաս է։

Միւս կողմէ, Ծառայութեան դիտարկումները ցոյց կու տան, որ կը շարունակուի Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերու աճը։ Այս հարցը ռիսքային գնահատելու հիմք կը հանդիսանայ ոչ միայն զուտ ռազմական ծախսերու աճը, այլեւ այն, որ ռազմական յատկացումներու աճի ընթացքը զգալիօրէն կը գերազանցեն այլ ոլորտային յատկացումներու աճի աշխուժութիւնը եւ շատ պարագաներու՝ կը կատարուին առերեւոյթ այլ ոլորտներու հաշուոյն։