image

2024-ի սկիզբը Թաւրիզի մէջ պիտի բացուի Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը

2024-ի սկիզբը Թաւրիզի մէջ պիտի բացուի Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը

Թեհրանը համաձայնած է Թաւրիզ քաղաքին մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման, յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը դեկտեմբեր 27-ին Երեւանի մէջ հայաստանցի իր գործընկեր Արարատ Միրզոյեանի հետ մամուլի ասուլիսին։

«Յոյսով ենք նոր տարուան առաջին շաբաթներու ընթացքին իմ գործընկերոջ հետ կը գտնուինք Թաւրիզի գլխաւոր հիւպատոսութեան պաշտօնական բացման արարողութեան»,- նշած է իրանցի դիւանագէտը՝ կարեւորելով նախորդ տարի Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման փաստը։

Ապտոլլահեանը վերահաստատած է, որ Թեհրանը կը սատարէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան։ Անոր խօսքով՝ Իրանը կ՚ուզէ, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ապահովուի առանց արտաքին ուժերու միջամտութեան: