Հեղինակաւոր Associated Press գործակալութեան լուսանկարիչները որսացած են տարուան խոշորագոյն իրադարձութիւններու քատրերը: Գործակալութիւնը լուսանկարներու շարք ներկայացուցած է, որու մէջ տեղ գտած են Քալիֆորնիոյ անտառային հրդեհները, դէպի Միացեալ Նահանգներ շարժող ներգաղթեալներու «քարաւանը», Փարքլանտի դպրոցի հրաձգութիւնը, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը եւ շարք մը այլ իրադարձութիւններ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք անոնցմէ ամենաուշագրաւները.
Կեդրոնական Ամերիկայէն ներգաղթեալներու «քարաւանը» ճանապարհ ինկած է դէպի Միացեալ Նահանգներ
«Քարաւանի» անդամները կը փորձեն հատել Մեքսիկայի ու ԱՄՆ-ի սահմանը
14 Փետրուարին ԱՄՆ Ֆլորիտա նահանգի Փարքլանտ քաղաքի դպրոցներէն մէկուն մէջ դպրոցի նախկին աշակերտը կրակ բացած է մարդոց ուղղութեամբ՝ սպանելով 14 աշակերտ եւ դպրոցի աշխատակազմի 3 անդամ
Այդ ողբերգութենէն ետք «Քայլարշաւ յանուն մեր կեանքերուն» ցոյցի մասնակիցները կ'ուղեւորուին Սպիտակ տուն՝ պահանջելով զէնքի նկատմամբ վերահսկողութիւն
Նախագահ Թրամբը ընդունած է քայլարշաւի մասնակից աշակերտները
ԱՄՆ-ն կը հրթիռակոծէ Դամասկոսը
Սուրիացի զինուորը կը տեսանկարէ Սուրիոյ գիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի աւերակները
Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ արքայազնը կը սեղմէ սպանուած լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի որդիին ձեռքը: Լրագրողի սպանութեան մէջ կը կասկածին արքայազնէն:
Եէմէնցի փոքրիկը թերսնման պատճառով հիւանդանոցին մէջ
Մեծ Բրիտանիոյ արքայազն Ուիլիըմը և անոր կինը՝ Քեյթը, նորածին Լուիին գրկած կ'ողջունեն հանրութունը
Մեծ Բրիտանիոյ արքայազն Հարին ամուսնացաւ Սասեքսի ապագայ դքսուհի՝ Մեկան Մարքլի հետ
ԱՄՆ-ի մէջ հակասեմականութեան քարոզչութեամբ զբաղուող Ռոպերթ Պոուերսը կրակ բացած է սինակոկի մէջ՝ սպանելով 11 մարդ
Քալիֆորնիոյ մէջ մոլեգնած են նահանգի պատմութեան մէջ ամենաաւերիչ անտառային հրդեհները
Փարըտայզ քաղաքը՝ մոխրացած
Պրազիլի մէջ այրած է Ռիօ տե Ժեներոյի ազգային թանգարանը
ԱՄՆ Նիւ Ճըրզիի Սփրինկ Լեյք թաղամասին մէջ խոշոր ջրհեղեղ է
Յայտնի երգչուհի Արեփա Ֆրանքլինի մահը
Ֆիլիփիններու մէջ Մայոն հրաբուխը լաւա կ'արտանետէ
ԱՄՆ նախկին նախագահ Ճորճ Պուշ աւագը ժամանած է կնոջ՝ Պարպարա Պուշի յուղարկաւորութեան
Կուաթեմալայի մէջ Ֆուեկօ հրաբուխի ժայթքումէն հարիւրաւոր մադիկ զոհուած են
Հրաբուխի զոհերէն մէկուն՝ մոխիրի տակ մնացած դին
Մեքսիքայի մէջ մոլեգնած է «Մայքլ» փոթորիկը
Պաղեստինցիները Կազզայի հատուածին բողոքի ցոյցի ժամանակ քարեր կը նետեն իսրայէլցի զինուորներու ուղղութեամբ
Աշխարհի առաջնորդները մասնակցած են Ֆրանսայի մէջ Առաջին աշխարհամարտի աւարտի 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն
Հելսինկիի մէջ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը իրար ձեռք սեղմած են
Տարուան պատմական հանդիպումը. Սինկափուրի մէջ 12 յունիսին հանդիպած են Միացեալ Նահանգներու ու Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդները