image

1989-ի ամառը. Սեւ ու սպիտակ պատկերներ

1989-ի ամառը. Սեւ ու սպիտակ պատկերներ

Սեւ-ճերմակ պատկերները ամէնէն շատ կը յիշուին այս օրերուն։

Մեր մանկութեան երգերուն պէս, որոնք կաթիլ-կաթիլ կ՚արթննան ապրումին հետ։

Լեզուն քաշուած մարդը ինչպէ՞ս պիտի կրնայ պատմել այն բոլորին մասին, որ քիչ քիչ տաղեցին իր ապրումները,  քիչ -քիչ ցաւ տուին, քիչ-քիչ սպասցուցին, ու յետոյ այն բոլորին վերյուշը, որոնք կէս ձգեցին այս «խաղ»ը ու հեռացան...

1989 օգոստոս (ճիշդ օրը չեմ ալ յիշեր), ատենը կէսօր՝ Հրայրը եւ Ռաֆֆին պիտի ճանապարհենք։ Խօլ բան մը կար մեր երկինքին մէջ. վայրը ՝ Թիրո անունով յայտնի շրջանն է, եկեղեցին ալ Վարդանանց։

Ճերմակ դագաղները կը բերուին ու անոնց ետեւէն քալելով կ՚երթանք մինչեւ Պուրճ Համուտի գերեզմանատուն։

Այդ օրերուն գերեզման երթալը սովորական, շատ սովորական բան էր մեզի համար։

Ամէն շաբաթ նոր թաղումներ, թաղումին հետ կրակոցներ, դէպի երկինք ցաւ ու փամփուշտ կ՚անձրեւէ ու հարիւրաւոր նահատակներ, որոնք կը մեռնէին, որպէսզի ապրի մեր երազը եւ պատմութեան թելը յանկարծ չկտրուի ...։

Հայաստան փոխադրուելէս ետք տարբեր առիթներով շատ բարդ վէճի մը առանցքներուն պտտեցանք. խօսքը նահատակ բառին մասին էր, հարցումը, որ կը տրուէր. արդեօք Պէյրութի ամենախուլ փողոցներուն, Անթիլիասի, Զալքայի կամ գուցէ Հալէպի, կամ Քեսապի մէջ ինկած հայ տղաքը զոհեր էի՞ն կամ նահատակներ։

Ինչքան աւելորդ էին հարցադրումները, քանի հիմա գոց աչքով գիտեմ, որ բոլոր անոնք, որ անաղմուկ մեր թաղերը պաշտպանելու համար մահացան, վսեմ հոգիի տէր մարդիկ էին, մարդիկ, որ իրենց ես-ը մոռցան, մարդիկ, որ իրենց կեանքը տուին եւ մարդիկ, որ անմահացան։ Ի՞նչ պիտի կոչուէին անոնք, ի վերջոյ Եղիկը ի՞նչ պիտի կոչուէր, Զատիկեան Ռաֆֆին եւ Հրայր Վարդանեան, կամ Կարօն եւ միւս-միւսները ի՞նչ պիտի կոչուէին ի վերջոյ։

Այլ խօսք, որ անոնց հոգն ալ չէր, որ իրենց հեռացումէն ետք ինչպիսի՞ն պիտի ըլլար մեր ընկալումը. իրենք ոչ մէկ անգամ նպատակ  չէին դարձուցած մեռնիլը...

Իրենք կեանքի գարուններ էին, վառ սիրտերով հերոսներ, որ պահեցին մեր անունը...

Ես այդ խորքայնութեամբ կը նայիմ հարցերուն, ու ոչ մէկ անգամ զղջացած եմ, որ Լիզպոնի հերոսներու շիրիմը մոմ վառելու պահուն վեր պահած եմ մեծ յարգանքը, իրենց ես-ը մեր մեծ գոյին համար ողջակիզող տղոց յիշատակին։

Տարիներ անց վէճի մը ժամանակ բարեկամներէս մին հարց կուտար՝ ինչպէ՞ս կ՚ընկալես այդ տղոց պատմութիւնը, «մարդ ինքզինք կը սպաննէ՞, իր կեանքէն կը հրաժարի՞, ու ատոր դիմաց դուն ինչպէս կը բացատրես եղելութիւնը» հարց կու տար ան։

Կան այսպիսի սոփեստներ, որոնց համար մեր ոսկի տղաներուն արարքները պարզապէս արկածախնդրութիւն էր...։

Երեւի ոչ ալ կ՚արժէ այդ թեմային վրայ կեդրոնանալ, կամ խօսիլ, փորել, վէրքը վերածել ժամանակի նեղ առանցքներուն վրայ փտտող ու անհեթեթ բանի մը։

 

Սեւ եւ ճերմակ պատկերներուն մասին խօսեցայ, որովհետեւ այս օրերուն ընթացող սեւի ու սպիտակի սին պայքարներուն մէջ, ժողովուրդին համար ամենանուիրական ճանապարհը պէտք է ցոյց տալ։

Բոլորը բոլորին մէջ սեւը կը նկատեն, մարդիկ սեւի ու սպիտակի հին խաղին մէջ կը թաթխեն իրենց մատները, կը փորձեն շրջանցել անցեալը եւ իրենց գրասենակներու նեղ պատուհանէն կը կշռեն ... աշխարհը։

Կը փնտռեն իրենց ես-ի պատմութիւնը, կը փառաւորեն  իրենց  ապրումը եւ կը մոռնան անցեալը։

Անցեալն ի դէպ միայն վերյիշում չէ, անցեալը միայն եղած դէպքերուն շարադրութիւնը չէ, ստատուս չէ անցեալը, որ կրնաս «Էտիդ» կոճակը սեղմելով փոխել գրածիդ բովանդակութիւնը, կամ աւելորդ վէճերու մէջ չմտնելու համար ամբողջութեամբ ջնջես գրածդ։ Այդ բոլորը կրնաս ընել, որ մարդիկ չնեղանան, քեզ դասեն «բարեխառն» ու նաեւ բոլոր հարցերուն պաղած ուղեղով մօտեցող մէկը։

Նեղանալու խնդիրն ի դէպ վիշապի պէս կը փարի ուսերուդ, քեզի կրնայ վար զառնել, կրնայ հարուածել, եթէ դուն խրոխտ չքալես, ինչպէս քալած են քու ընկերներէդ շատեր իրենց պարտականութիւնը կատարելու ճանապարհին։

Այդ ճանապարհն ի դէպ շատախօսներու, բամբասկոտներու, թերահաւատներու ճանապարհը չէ։

Ու կարեւոր է, որ այդ ճանապարհը երբեք պիտի չփոխէ իր ընթացքը. Կասկածիս, յոգնիս, շուարիս կամ շփոթ ապրիս՝ ճանապարհը նոյնն է։

 

Ու այդ ճանապարհն է, որ պիտի պահէ մեզ կարմիր թելի մը պէս, որ կը հոսի մեր պատմութեան խորքերէն։

Վահան Թէքէեան առիթով մը, երեւի յաղթելու համար իր ներքին դառնութիւններուն,  կը գրէր.  «Մեզի ամենաշատը հիմա հպարտութիւն է պէտք»։ Հպարտութիւն ապրելու համար, հպարտութիւն շարունակելու համար, հպարտութիւն վէրքերը սպիացնելու ու այսպէս շիփ շիտակ կանգնելու ու քալելու համար։

Թերեւս Թէքէեանի մասին շատ պատմութիւններ լսուած են, անոր սիրտը դրուած է վիրաւոր ազգի մեծ նժարին վրայ։

Նիկոսիոյ պարտէզներուն հայող իր սենեակէն ան քանի-քանի անգամներ վերջնագիր տուած է ինք իրեն, որ պիտի լքէ «Աստծոյ տաճար»ը ու հեռանայ ամէն տիպի խաղերէն։

Տառապեալ բոլոր հոգիներուն մէջ Թէքէեան սակայն հասկցած է, որ հպարտութեան համար հարկ է փարիլ միայն նուիրեալներուն։

Անոնք, որ ճամբան կը բանան, անոնք որ գործին կը հաւատան, եւ անոնք, որ իրենց կեանքն ալ նուիրել գիտեն։

Անոնցմէ էին իմ ընկերները, որոնց յիշատակը այսօր վիրաւոր Պէյրութիս սրտին մէջ նորէն վեր կը բարձրանայ ու այս ցաւերուն, այս խենթ ժամանակներուն ալ մեր երազները կը կայմէ։

Ճանապարհը, որուն համար մենք եղանք, եւ ճանապարհը որմէ պիտի քալենք անշեղ է, կը մնայ որ մենք հանդիպինք։

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...