Երեւանի մէջ օրերս իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ երիտասարդ Ռաֆֆի Տէօքմէճեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Մեր ունեցած տուեալներով Ռաֆֆին մահացած է «Քորոնա» վարակին հետեւանքով։
Ան Երեւան փոխադրուած էր 7 տարի առաջ եւ 1991 թուականի ծնունդ էր։
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն եւ մասնաւորապէս մեր հաւատարիմ ընթերցողներէն հալէպաբնակ՝Տիկն. Սօսէ Ղազէլեանին։