image

170 Տարեկան հայատառ թրքերէն վէպը՝ «Ագապի»ն վերահրատարակուեցաւ

170 Տարեկան հայատառ թրքերէն վէպը՝ «Ագապի»ն  վերահրատարակուեցաւ

Երեւանի մէջ օրերս տեղի ունեցաւ թրքերէն առաջին ժամանակակից վէպը նկատուող «Ագապի»ի նոր հրատարակութեան շնորհանդէսը: Պոլսահայ գրող, պատմաբան եւ խմբագիր Յովսէփ Վարդանեանի (Վարդան փաշա) «Ագապի հիքայէսի» խորագրով գիրքը 1851 թուականին Պոլսոյ Յովհաննէս Միւհէնտիսեանի տպարանէն լոյս տեսնելէ ետք, 1953 թուականին թարգմանուած է հայերէնի եւ «Ագապիի պատմութիւնը» խորագրով լոյս տեսած Երեւան, ապա՝ մէկ տարի ետք՝ 1954-ին Պէյրութ, 1979-ին՝ կրկին Երեւան:

Իսկ այս տարի Երեւանի «Պուքինիսթ» գրախանութը վերահրատարակեց հայերէն թարգմանութիւնը եւ նոր ձեւաւորումով օրերս ընթերցողին սեղանին դրաւ 171 տարի առաջ լոյս տեսած եւ իր ժամանակին մեծ աղմուկ հանած վէպը:

Հայատառ թրքերէնով լոյս տեսած այս վէպը մօտ հարիւր տարի անյայտ էր հայերէնով ընթերցողներուն, մինչեւ 1950-ականները, երբ գրող, բառարանագէտ եւ գրականագէտ Գառնիկ Ստեփանեան (ծնած Մամախաթուն, 1909 թուականին եւ 1930 թուականին գաղթած է Խորհրդային Հայաստան) թարգմանած է զայն արեւելահայերէնի:

«Ագապի»ն սիրոյ պատմութիւն է, սակայն վէպին մէջ, սիրոյ պատմութեան քօղին տակ խստօրէն կը քննադատուին 19-րդ դարու կէսերուն Պոլսոյ հայ համայնքին մէջ ծաւալած եւ պառակտիչ բնոյթ ունեցող կրօնական հարցերը։

Հակառակ վէպին հեղինակը՝ Յովսէփ Վարդանեանի Հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանելու հանգամանքին, գիրքը յոյժ բացասական ընդունելութեան կ՚արժանանայ Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներուն կողմէ: Այդ ժամանակուան Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Անտոն Հասունեան կը հրապարակէ կոնդակ մը, որուն մէջ խստօրէն կը դատապարտէ «Ագապի» վէպը եւ կ՚արգելէ իր հօտի անդամներուն՝ զայն ընթերցել: Սակայն այս արգելքը մեծ ազդեցութիւն չ՚ունենար Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վրայ եւ աւելի կը բորբոքէ հետաքրքրութիւնը «Ագապի» վէպին նկատմամբ։ Այս հանգամանքէն ելլելով Անտոն Հասունեան կը դիմէ Վատիկան եւ վէպը ընդգրկել կու տայ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ արգիլուած գիրքերուն մէջ: Վատիկան կը հրապարակէ հետեւեալ գրութիւնը.

«Սուրբ հռովմէական եւ Տիեզերական Սրբաքննութեան ընդհանուր ժողովը, որ կայացաւ Սուրբ Աստուածածնայ վանքին մէջ, Վսեմ. եւ Գեր. Տէր Կարտինալին ներկայութեամբ, Պոլիսէն տեղեկացուած ըլլալով հոն հրատարակուած երկու հաւատընդդէմ գիրքերուն մասին, Սուրբ ժողովը դատեց եւ հրատարակեց, որ արգիլուին եւ մերժուին։ Անանունին «Ագապիին պատմութիւնը» գիրքը եւ «Վարկպարազիին թուղթը» գիրքը, որպէս ուղղափառ հաւատքին դէմ եւ սրբազան հաւատքը վարկաբեկող գործեր» (Հռովմ. ի բրոբականտա, 1852 թուական):

«Ագապի» վէպը անմեղ սիրոյ պատմութիւն է, որուն գլխաւոր հերոսուհին՝ Ագապին, կը յարի Հայ առաքելական դաւանանքին, իսկ անոր սիրած երիտասարդը՝ կաթոլիկ: Դաւանանքներու այդ հակադրութեան մէջ երիտասարդ աղջկան՝ Ագապիին եւ անոր սիրեցեալին՝ Յակոբին սիրոյ պատմութիւնը կը վերածուի ողբերգութեան...

«Ագապիի պատմութիւնը» վէպը շարադրելու միջոցին Յովսէփ Վարդանեան ներշնչուած է արեւելեան եւ արեւմտեան նիւթերէ՝ զանազան գոյներով նկարագրելով սէրը։ Վէպին մէջ ներկայացուած է նաեւ Հայ Առաքելական եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներուն միջեւ եղած հակասութիւնները, որոնց պատճառով կը տուժէ երիտասարդներուն սէրը, կը յառաջանան այլ հարցեր:

1991 թուականին աւստրիացի թրքագէտ Անտրէաս Թիէթզ, հայատառ թրքերէնը վերածելով լատինատառի, կրկին հրատարակած է վէպը՝ զայն անուանելով Թուրքիոյ մէջ գրուած եւ տպագրուած առաջին ժամանակակից վէպը։

 

ՀԵՂԻՆԱԿԸ

Յովսէփ Վարդանեան հռչակաւոր գիտնական եւ քաղաքագէտը ծնած է 1815 թուականին Պոլսոյ մէջ։ Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Մայր վարժարանի երդիքին տակ, ապա Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան մէջ, ուր վառվռուն ու համակրելի բնաւորութեամբ սիրելի դարձած է։ Իր հանճարով, կարճ ժամանակի ընթացքին մեծ յաջողութեամբ ուսումը կ՚աւարտէ եւ Պոլիս կը վերադառնայ, ուր 1836 թուականին Խասգիւղի

Ներսէսեան վարժարանին մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ Տատեան Յովհաննէս պէյի տունը ուսուցիչի պաշտօն կը վարէ։ Այս միջոցին իր գիտցած լեզուները կը կատարելագործէ։ Տիրապետած է հայերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի, արաբերէնի, թրքերէնի եւ այլ լեզուներու։

1837 թուականին, հազիւ 22 տարեկան, թարգման կ՚ըլլայ Արքունի Նաւարանը, ուր հետզհետէ մինչեւ Ծովային առաջին թարգմանի եւ փաշայութեան աւագ աստիճանի կը բարձրանայ եւ կը վարձատրուի Ուլայի երկրորդ աստիճանով եւ պատուանշաններով։

Զինուորական աստիճաններուն մէջ 25 տարի յաջողութեամբ պաշտօնավարելէ ետք՝ 1860-ին քաղաքական պաշտօններու մէջ կը մտնէ, ուր իրեն «Պէյ» տիտղոսը կը տրուի եւ զանազան պաշտօնարաններու խորհրդական ու անդամ կ՚ընտրուի։ Իր այս վերջին շրջանին կը պատրաստէ բազմաթիւ ծրագրեր եւ կանոնագրութիւններ։

Ան բազմազան զբաղումներուն մէջ չի մոռնար գրականութիւնը։ 17 տարի անընդհատ կը հրատարակէ «Մէճմուայի Հավատիս» հայատառ թրքերէն լրագիրը, որուն դադրումէն ետք աշխատակցած է Փանոսեանի «Մանզումէի Էֆքեար»ին եւ խմբագրապետը եղած «Թէրճիւմանը Էֆքեար»ին՝ մինչեւ իր մահը:

Վարդան փաշա աւելի շատ թրքերէն գրած է, քան հայերէն։

«Մէճմուայի Հավատիս»ին մէջ ունի բազմաթիւ վիճաբանական յօդուածներ եւ ժամանակին յուզած բոլոր կարեւոր խնդիրներուն մէջ իր ձայնը ունեցած է։ Իբր հրապարակագիր մեծ անուն ձգած է։ Ժամանակի լուսաւորական շարժման ներկայացուցիչներէն եղած է, պայքարած է հայ ժողովուրդի միասնութիւնը ջլատող կրօնական մոլեռանդութեան դէմ: Միքայէլ Նալպանտեան, Յարութիւն Սվաճեան եւ այլ յառաջադէմ մտածողներ բարձր գնահատած են «Ագապի» վէպը:

Իր հայատառ թրքերէն հրատարակութեանց մէջ յիշատակելի է նաեւ 1852 թուականին տպագրած «Պօշպօղազ պիր ատէմ» վէպը, ուր առաջին անգամ երգիծական ճիւղը մշակած է եւ ծաղրանկարներ նկարած: «Ագապի»էն ետք հրատարակած է Նափոլէոնի կենսագրութիւնը (6 հատոր, 1856), որ կրկին հայատառ թրքերէն է՝ «Թարիխի Նաբօլէոն Պօնաբարթէ իմբէրաթորու Ահալիի Ֆրանսա: Ճիլտի Էվվէլ» խորագրով:

Աշխարհաբար հրատարակութիւններ նոյնպէս հրատարակած է, որոնցմէ՝ 1857-ին լոյս տեսած է «Թէլէղրաֆ էլէգթրիգ կամ որ նոյն է էլեկտրական հեռագիր: Պարզ եւ համառօտ բացատրութիւն զանազան էլեկտրական հեռագրոց ու անոնց գործածութեանը» խորագրով գիրքը:

Այս հրատարակութիւնը հեռագիրի մասին խօսող միակ հայ գիրքն է. երկրորդը «Սահմանադրական ճշմարտութիւններ ու անոնց պարտաւորութիւնները», որուն նիւթը ժամանակակից ազգային կեանքէն առնուած է։

Իր աշխարհաբարին մասին մասնագէտներ կը գրեն, որ պարզ ու կոկիկ է եւ որ Վարդան փաշան մեր ամենէն զարգացած միտքերէն մէկը եղած է, իր քաղաքական յօդուածներով դիւանգիտական հմտութեան ապացոյցը կու տայ: Ընկերային եւ տնտեսական հարցերու մասին եւս ունի կարեւոր գրութիւններ՝ իր խմբագրած թերթերուն մէջ։ Իր յօդուածները ժողովրդական դիւրհասկնալի լեզուով խըմ-բագրուած՝ մեծ ընդունելութիւն գտած են հասարակութենէն։

Մահացած է 28 մարտ 1879 թուականին։ «Մասիս» իր մահուան առթիւ հետեւեալ տողերով կը վերջացնէր իր խմբագրականը. «Յովսէփ Վարդան պէյ այն նշանաւոր անձերէն մէկն է, որոնց տեղը բաց կը մնայ, հետեւաբար իր մահը անդարմանելի կորուստ մըն է Օսմանեան խմբագրութեան համար, որոնց մէջ առաջին տեղը գրաւած էր»։

 

ՇԱՐԺԱՆԿԱՐ «ԱԳԱՊԻ»

«Ագապի» վէպին՝ արեւելահայերէն վերահրատարակութեան զուգահեռ, նոյն օրերուն հեռատեսիլային պաստառներուն վրայ յայտնուեցաւ «Ագապի» շարժանկարային շարքը՝ բազում մասերէ կազմուած: Հայաստանի ժամանակակից դերասանները կը պատկերեն վէպին մէջ նկարագրուած իրադարձութիւնները եւ մանաւանդ՝ Ագապիին եւ Յակոբին սէրը:

«Ագապի» նորահրատարակուած գիրքին շնորհանդէսին մասնակցեցաւ նաեւ շարժանկարին խումբը՝ դերասաններէն բեմագրութեան հեղինակ Անահիտ Մխիթարեանը, որ խօսեցաւ շարժանկարներ ստեղծելու ժամանակ ուրիշ երկիրներու եւ մշակոյթներու անդրադառնալու իրենց սկզբունքին մասին: Այդ առումով «Ագապի»ն եւս բացառութիւն չէ, շարժանկարին մէջ կան դրուագներ, որոնք նկարահանուած են Յունաստանի մէջ՝ ձեւով մը վերարտադրելով արեւելեան միջավայրը կամ ատոր նմանութիւնը, որուն մէջ ապրած են վէպին հերոսները: Վէպին հիման վրայ գրելով նոր բեմագրութիւն մը՝ Անահիտ Մխիթարեան ջանք գործադրած է ամէն ձեւով պահել վէպին գաղափարախօսութիւնը, սակայն նաեւ ժամանակակից բարքեր եւ սովորոյթներ ներմուծած է:

 

ԻՆՆԱ ԽՈՋԱՄԻՐԵԱՆ՝ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԱԳԱՊԻԻ ԴԵՐԻՆ ՄԷՋ

Պոլսահայ Ագապին վէպին մէջ պատկերուած է իբրեւ համեստ, իր ժամանակաշրջանի բարքերուն համընթաց ապրող աղջիկ մը, որ շատ փխրուն է եւ անոր սիրտը կոտրելը բաւական դիւրին է: Շարժանկարին մէջ կերպարը քիչ մը փոխուած է. անոր խառնուածքին աւելցած է ըմբոստութիւնը, ան դարձած է աղջիկ մը, որ կրնայ երբեմն նաեւ հակառակիլ:

22-ամեայ հայաստանցի դերասանուհի Իննա Խոջամիրեան, որ կը մարմաւորէ նախանցեալ դարուն Պոլսոյ մէջ ապրած Ագապիին կերպարը, կը նշէ, որ շարժանկարին սիրուած ըլլալը եւ մարդոց հետաքրքրքութիւնը դէպի վէպը, ինք զգացած է առաջին օրէն։

«Բազմաթիւ նամակներ ստացած եմ, վէպով հետաքրքրուողներէն, կը հարցնեն՝ ինչպէ՞ս ձեռք բերենք գիրքը: Այս մէկը իսկապէս յաղթանակ է գիրքին եւ հեռատեսիլային շարժանկարին: Աշխարհին յաղթելու համար մենք ոչինչ ունինք, մեր միակ զէնքը գիրքն է եւ մեր գիտելիքը։ Շատ կարդացէք եւ դուք ձեր վրայ պիտի զգաք աշխարհահայեացքի փոփոխութիւնը եւ աշխարհին ձեր պիտանի ըլլալը», կ՚ըսէ Իննա Խոջամիրեան:

 

«ՊՈՒՔԻՆԻՍԹ»Ը՝ 90 ՏԱՐԵԿԱՆ

Այս տարի կը լրանայ Երեւանի հնագոյն գրախանութներէն «Պուքինիսթ»ին հիմնադրման 90-ամեակը եւ «Ագապի» վէպն ալ վերահրատարակուած է գրախանութին 90-ամեակի միջոցառումներուն ծիրէն ներս: Գրախանութը հիմնադրուած է 1932 թուականին եւ գործած՝ Խորհրդային Միութեան ողջ ժամանակաշրջանին՝ մասնագիտացած ըլլալով հնագոյն գիրքեր տարածելու գործին մէջ: Մինչեւ 1997 թուականը կը կոչուէր «Թիւ 26 մասնագիտացուած հնագրավաճառական գրախանութ» եւ նոյն թուականին ալ գրավաճառ Խաչիկ Վարդանեանին կողմէ կոչուած է «Պուքինիսթ» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւն:

Ընկերութիւնը կարճ ժամանակի ընթացքին դարձած է ուսումնական, գիտական եւ այլ գրականութեան ներմուծման եւ իրացման յառաջատարը Հայաստանի մէջ: 2013 թուականէն ի վեր «Պուքինիսթ»ը ձեռնամուխ եղած է գրախանութներու ցանցի ստեղծման ու ընդլայնման՝ եւ նոյն անունով գրախանութներուն թիւը այսօր Հայաստանի տարածքին աւելի քան տասներկու է: Գրախանութներու այս ցանցին մէջ ներկայացուած են Հայաստանէ ներս հրատարակուած եւ Հայաստանի շուկային վրայ առկայ բոլոր գիրքերը, հայերէն գիրքեր՝ տպուած սփիւռքի, Պոլսոյ մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ռուսերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով օտարերկրեայ հրատարակութիւններ՝ թարգմանուած եւ բնագիր:

«Պուքինիսթ»ի տեսականին մշտապէս կը տատանի 30-40 հազար անուանման միջակայքին մէջ, կ՚ընդգրկէ գիտելիքի բոլոր բնագաւառները, ընթերցողական տարիքային բոլոր խումբերը եւ գրական բոլոր ժանրերը:

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս