Հայաստանի 12 դպրոցներու մէջ 2022-2023 ուսումնական տարին դասաւանդուած է թրքերէն, իսկ 4-ին մէջ՝ ատրպէյճաներէն։ Այս մասին յայտնած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութենէն՝ Sputnik Արմենիայի գրաւոր հարցմանն ի պատասխան։
Նախարարութենէն նաեւ ընդգծած են, որ ատրպէյճաներէն եւ թրքերէն կը սորվին բացառապէս 10-12-րդ դասարաններու աշակերտները: Հաղորդուած է նաեւ, որ 2022-2023 ուսումնական տարին տարածաշրջանային լեզուներու ուսուցում կազմակերպուած է 33 հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ, որոնցմէ 13-ին մէջ սկսած են սորվիլ պարսկերէն, 3-ին մէջ՝ վրացերէն, 12-ին մէջ՝ թրքերէն եւ 4-ին մէջ՝ ատրպէյճաներէն: Իսկ «Մխիթար Հերացի» կրթահամալիրի միջին եւ աւագ դպրոցներու մէջ ուսումնասիրած են բոլոր չորս լեզուները:
Եւս 400 դպրոց ցանկութիւն յայտնած է մօտ ապագային սկսիլ տարածաշրջանային լեզուներու (թրքերէն, ատրպէյճաներէն, վրացերէն եւ պարսկերէն) դասաւանդումը: Սակայն այս կամ այն լեզուն ընտրած դպրոցներու թուի վերաբերեալ տեղեկութիւններ գերատեսչութիւնը չէ տրամադրած։
«Հաստատութիւնները տեղեկատւութիւն են տրամադրել նաեւ մասնագէտի առկայութեան կամ բացակայութեան մասին։ Ցանկութիւն յայտնած դպրոցների զգալի մասը չունի համապատասխան մասնագէտ»,-յայտնած են գերատեսչութենէն։