image

Յառաջիկայ օրերուն՝ ձիւնաթափ

Յառաջիկայ օրերուն՝ ձիւնաթափ

 

Հանրապետութեան տարածքին 7 դեկտեմբերի ցերեկը, 8-10-ը ժամանակ առ ժամանակ առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուին տեղումներ, լեռնային եւ նախալեռնային շրջաններու մէջ՝ ձիւնի տեսքով: Դեկտեմբերի 11-12-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Առանձին վայրերու մէջ գիշերը եւ առաւօտեան ժամերուն կը սպասուի մառախուղ։

Օդի ջերմաստիճանը էապէս պիտի չփոխուի։

Երեւանի մէջ 7 դեկտեմբերի ցերեկը, 8-10-ը ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուին թոյլ տեղումներ՝ թաց ձիւնի եւ ձնախառն անձրեւի տեսքով։ Դեկտեմբեր 11-12-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Գիշերը եւ առաւօտեան ժամերուն կը սպասուի մառախուղ։