Վրաստանի խորհրդարանը վստահութեան քուէ յանձնած է երկրի Ներքին գործոց նախարար Կէորկի Կախարիայի ղեկավարութեամբ կազմաւորուած կառավարութեան: Այս մասին կը յայտնէ Gazeta.ru-ն՝ յղում ընելով վրացական հեռուստաալիքներուն:
Նոր վարչապետին աջակցած են 150 պատգամաւորներէն 98-ը: ԶԼՄ-ները կը նշեն, որ Կախարիան երկրի արդէն հինգերորդ վարչապետն է 2012-էն ի վեր, խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Վրացական երազանք» իշխող կուսակցութեան յաղթելէն ետք:
Նախկին վարչապետ Մամուքա Պախտաձէն հրաժարականի մասին յայտարարած էր 2 սեպտեմբեին: Կախարիան Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը զբաղցուցած է մինչեւ յունիսի կէսերը, երբ Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերը ցրելու համար յատուկջոկատայինները կոշտ միջոցներ կիրառած էին, որմէ ետք ցուցարարները պահանջած էին Ներքին գործոց նախարարի հրաժարականը:
Յայտնի է, որ Կախարիան անցեալին կողմ հանդէս եկած է երկրի՝ ԵՄ-ին եւ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելուն: