Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապն այսօր Հայաստան կատարելիք պատմական այցէն առաջ գրառում մը կատարած է Twitter ընկերային ցանցի իր պլոկին մէջ` խնդրելով հաւատացեալներէն, իր համար աղօթել:«Կը խնդրեմ ձեզմէ,որ ձեր աղօթքներով ուղեկից ըլլաք ինծի Հայաստան կատարելիք այցիս ընթացքին»,-գրած է քահանայապետը: Յիշեցնենք, որ Կաթողիկէներու հոգեւոր առաջնորդը այսօր եռօրեայ այցով կը ժամանէ Հայաստան, ուր կը հանդիպի ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ին, ինչպէս նաեւ կ'այցելէ Ծիծեռնակաբերդ ու պատարագ կը մատուցէ Կիւմրիի մէջ: Հռոմի քահանայապետին այս այցը խորագրուած է «Այցելութիւն դէպի առաջին քրիստոնէական երկիր»: