Պոլսոյ օդակայանը հարուածած ահաբեկչութեան մասին երգչուհի Շէրի կատարած Twitter-եան գրառումը զայրոյթի ալիք բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ: Հարիւրաւոր թուրք օգտատէրեր, հակազդելով Շէրի կատարած գրառումին յայտնած են, թէ ափսոսանքի եւ աղօթքի մասին անոր գրառման մէջ օգտագործուած սմայլի նշանը անտեղի էր: Աւելի ուշ Շէր հակադարձած է այդ բողոքներուն փորձել բացատրելով, որ այդ կերպ ուզած է դէպքին մասին իր յուզմունքը աւելի լիարժէք կերպով արտայայտել: Նշենք, որ անցնող 28 յունիսին Պոլիսը հարուածած ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած էր 42-ի եւ կը կարծուի, որ դէպքը կատարուած էր Տահէշ խմբաւորման կողմէ: