image

Որո՞ւ վրայ կրակեց Հրանդ Տինքը սպաննողը.Սագօ Արեան

Որո՞ւ վրայ կրակեց Հրանդ Տինքը սպաննողը.Սագօ Արեան

Դժուար   տեսակ է Հրանդ Տինքի տեսակը: Քիչ յայտնուող,  ուշ երեւցող,  ուշ հասնող եւ   շուտ հեռացող տեսակ մը:

   Հայրենազուրկ դարձած,  այսօրուան Թուրքիայէն պահանջներ ունեցող  հայութեան համար  ալ Հրանդ Տինք  այդքան ալ  «ընդունելի» եւ «մարսելի» տեսակ մը չէր:

 Նախ  անոր համար, որ  անոր   բարձրացուցած դատին  մէջ  Հրանդ        կոչ կ'ուղղէր տարբեր  առանցքով նայիլ  պատմութեան   տիղմին մէջ խրուած ու «սառած» հայ- թուրք յարաբերութիւններուն:

  Այս   մօտեցումով, եթէ անոր գործը  աւելի  կը հեշտացնէր Հայաստանի Անկախ  Հանրապետութեան   գոյութիւնը, ուր ան պիտի խօսէր պետականութեան  մը   «րէալ շահերը»  պաշտպանողի դիրքերէն, ապա ինչ ըսել  սփիւռքի  լայն հատուածներուն, որոնք  կորսնցելով   ամէն ինչ     դարձած էին սփիւռքացած եւ ցիրուցան ժողովուրդի մը հետնորդները:

 

 Այս  բոլորը նկատի առնելով էր, որ Հրանդ ճամբայ  կ'իյնար:

Քաջ  գիտնալով, որ  մեծ  խնդիրը միայն Թուրքիոյ  մէջ մերժուիլն ու հալածուիլը չէր, այլ        կեղեւին մէջ  եղող  հայութեան  մեծագոյն մասին   կողմէ քննադատութեան   թիրախ դառնալը .. եւ նոյնիսկ հալածուիլը:

 

Ու ճիշդ է, որ իր  «առաքելութեան» առաջին  օրերուն ան   հայութեան համար «թիրախ»   եւ «մերժուած»  մարդ  չդարձաւ, բայց եւ այնպէս քիչ չեղան անոնք, որ       «սառը ցնցուղ»ի ենթարկեցին   իր    առաջ  քաշած միտքերը:

 

 Հրանդ   նախ եւ առաջ կը պատերազմէր   աւանդականութեան  դէմ:  Կը պատերազմէր առանձին ու  ինչպէս մեծ քարոզիչները  իր ճակատագրին հետ ալ մնաց առանձին:

 

 

Առաջին  փաստը,  որ պիտի  ուզէի  ամրագրել նահատակ  Հրանդ Տինքի մասին, անոր հոսանքին դէմ պայքարող  ՄԷԿ-ը  ըլլալու    երեւոյթն էր

Բնազդ մը, որ աճեցաւ Պոլսոյ հանգստաւէտ ափերէն հեռու տարագրուած հայութեան  մնացորդացին  համար ապահով  «ափ»  դարձած «Քէմփ Արմէն»ի «որբանոց-դպրոց»ին մէջ:

Հրանդ ուրիշ տեսակ էր:

Անոր մէջ գերակշռողը ոչ թէ հայն էր, կամ քրիստոնեայ մարդը, այլ Արեւմտահայաստանի մէջ ծնած, հասակ առած ու տեղահանուած հայը, ու այս բոլորով մէկտեղ ան իր կեանքի պայքարի առաջին օրէն իսկ խօսեցաւ ոչ միայն հայերուն, այլ այդ շրջաններուն մէջ ապրած մարդոց անունով:

Ու այդ պատճառով էր նաեւ, որ աւելի ուշ երբ Օկիւն Սամասթի գնդակով ինկաւ Շիշլիի պողոտային վրայ գտնուող իր իսկ հիմնած «Ակօս» թերթի խմբագրատան շէնքի մուտքին, կարողացաւ ոտքի հանել ամբողջ Թուրքիան:

Սպաննուողը ոչ թէ «Ակօս»ի խմբագրապետն էր, այլ .... Թուրքիան ամէն օր «ելեքդրականացնող» մարդը:

«Թուրքիացի» մարդու կերպարը:

Ցայսօր ալ սփիւռքի հայութեան լայն շերտերուն համար  ընդունելի չէ «Թուրքիացի մարդ»  մօտեցումը:  Հրանդ Տինք իր մօտեցումներով   կը  տարբերուէր դասական կամ արդիական սփիւռքներու մօտեցումներէն:

Տարբեր էր ու կը տարբերուէր շուրջ 500 տարիէ ի վեր պապենական աւանդութեամբ ապրող պոլսահայ համայնքի   անդամներէն,  որոնց շատերուն համար Տինքի արարքները եւ խօսքերը կը համարուէին, ոչ  միայն վտանգաւոր այլեւ մերժելի:

Մինչ պոլսահայերուն համար կային «արգիլուած թեմաներ»,   անդին ինքը ՝Հրանդ Տինք կը շօշափէր այնպիսի թեմաներ, որոնք պայթուցիկ ռումբի ազդէցութիւն կ'ունենային երկրին մէջ:

Հրանդ Տինք կը տարբերուէր սփիւռքահայերէն ու այդ տարբերութիւնը շատ յաճախ «վառ» երանգներով ի յայտ կու գար  անոր դէպի սփիւռք կատարած շրջագայութիւններուն ընթացքին:

Տարբեր էր անոնցմէ, որոնք Պոսթըն  կամ Մոնթրէալ   նստած   շատ  յաճախ   բարձրաձայն կը խօսէին Թուրքիան բզիկ-բզիկ ընելու մասին:

Տարբեր էր անոնցմէ, որոնց համար մեր ժողովուրդի փրկութիւնը սկիզբ  կ'առնէր թրքական դրօշակ հրկիզելով եւ կ'աւարտէր Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի մեծ ցոյց կատարելով:

Ու այս բոլորով մէկտեղ Հրանդի գործը այնքան ալ  հեշտ   չէր երկրի մը մէջ, ուր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի որդեգիր դստեր՝ Սապիհա Կէօքչէի  հայ ըլլալուն  մասին խօսիլը կրնար «մահացու մեղք» համարուիլ:

Ուրեմն տարբեր երանգներով եւ տարբեր հակասութիւններով   լեցուն իրականութեանց  առջեւ ան կը դառնար տարբաղադրիչ մարդ-էակ,ինքզինքին տալով բաւական բարդ  կառուցուածք  եւ  բաւական խորունկ վէրքեր ունեցող  հատուածները «իրար  մօտեցնելու»:

Եւ այս մեծ բեռը իր ուսերուն դնելով ան  կ'երթար մինչեւ ծայր:

 

 

   Այսօր ալ  Հրանդի   նահատակութիւնէն  տաս տարի անց իր պատկանած գըտինը, իր հողը, իր սիրած  ափը, «իր թուրքիան»  կը շարունակէ մնալ  կրակէ օղակի մէջ:

 Ու տխուր է նաեւ,  որ  այդ  երկրին մէջ   ապրող   մարդոց՝ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մեծագոյն տոկոսը  ցարդ չեն հասկցած, որ Հրանդ նախ եւ առաջ կը պայքարէր  իրենց համար:

 Տինք   Թուրքիոյ մէջ  կ'ունենար այնպիսի ելոյթներ, որոնք կ'արժանանային ոչ միայն ուժեղ ընդդիմացող  ալիքի այլ անոր հասցէին  կը հնչէին  մահուան սպառնալիքներու:

Ան կ'իյնար դառնալով ոչ միայն հայութեան նոր օրերու հերոս-կերպար այլ համայն Թուրքիոյ, բոլոր այն թուրքիացիներուն  իտէալ ՝  կերպարը, որոնց համար   վախճանական   երազը ժողովրդավար Թուրքիա  մը կերտելն  էր:

Բոլորէն այդ տարբեր Հրանդը, Հրանդ Տինքը, որ մեզմէ  շատերուն համար  1,500,000 +1 էր  դրօշակ չէր  դարձուցած Թուրքիան   քանդելը:

Անոր համար նպատակ չէր բոլոր թուրքերը ծովը նետել, կամ արեան մէջ խեղդել ամբողջ Իսթանպուլը:

Ու այս   բոլորին  համար է  նաեւ, որ Հրանդի խօսքերն ու գաղափարները  արժանի  են լուրջ քննութեան:

Ան,  եթէ   սովորամոլ եւ    թուրքին դէմ առկայ   հայու ատելութիւնը վէմ դարձուցած , եւ Թուրքան ամէն օր պատէ պատ  զառնող  գրիչ  մը ըլլար Հրանդ  Տինք   պիտի չկոչուէր:

Ու ատոր համար է նաեւ, որ   իր  էութեամբ  կը դառնար  կամուրջ հասնելու համար արեւմտահայաստանի ամէնէն խուլ եւ մութ կողմերը ուր հազարաւոր իսլամացած հայեր  «օգնութեան»   ձեռք կը սպասէին:

Տարբեր էր Հրանդ Տինքը, ու անոր ըրածը, անոր խօսքը եւ էութիւնը ուսանելի են դեռ   երկար  ժամանակ, մինչեւ հեռաւոր  յաւերժութեան...

 

Սագօ Արեան 

«Արարատ»/Պէյրութ