image
Հրատապ լուրեր:

«Ո՛չ թրքական ապրանքին» Կ'ըսէ Արամ Պալըխեան

«Ո՛չ թրքական ապրանքին»  Կ'ըսէ Արամ Պալըխեան

«Վստահ կ՛ըսեմ` Երեւանի ամենայարմար խանութներէն մէկն է», - կ՛ըսէ Արամ Պալըխեան ներկայացնելով մօտ մէկ տարի առաջ հիմնած #Sport (Հեշթակսփորթ) խանութին մէջ վաճառուող ապրանքը: Մարզական հագուստի համար կտորեղէնը  Արամ  Հայաստան  կը ներմուծէ ու նոյն իրենց կարի արտադրամասին   մէջ է, որ մարզազգեստները  կը կարուին: Արամ կը հպարտանայ` 50 աշխատատեղ բացած է` մէկը ձեւաւորելու, միւսը կարելու: Ազգային հերոս Մոնթէի լուսանկարով բաճկոններ, Սասունցի Դաւիթով` վերնաշապիկներ, հայկական զինանշանով մարզական տարբեր տեսակի հագուստներ. սուրիահայ Արամը իր արտադրանքը կը ցուցադրէ երեւանեան ցուցահանդէսին: «Ամենապարզ բանը ձեզի ըսեմ` այս պահի դրութեամբ յիսուն ընտանիք այս փոքր խանութին շնորհիւ  դրամ  կը  շահի, երիտասարդներ ու տարիքով կանայք կ՛աշխատին, աշխատատեղ ստեղծած ենք, մարդիկ կրնան հանգիստ ապրիլ, իրեն պիւտճէն փող կը մտնէ»,-կ՛ըսէ Արամ Պըլըխեանը:

Սուրիոյ մէջ, մինչեւ պատերազմը, Արամին ընտանիքը զբաղած է կտորեղէնի, հագուստի մեծածախ վաճառքով, ունեցած են 6-7 խանութ: Երկու տարի առաջ, պատերազմի թէժ պահերուն, քրոջ հետ միասին Արամը եկած է Հայաստան, ուսումնասիրած է շուկան, ծրագրած է իր ընելիքը եւ յետոյ իրեն միացած են հայրն ու մայրը: Կ՛ըսէ` եկած է Հայաստան, տեսած, որ այստեղ թրքական ապրանքը տարածում ունի, նեղացած է: Ծրագրած ու արտադրած է հայկական հագուստ: Այժմ ալ հագուստի տաղաւարին շատ տեսանելի հատուածին մէջ փակցուցած է` «Ոչ թրքական ապրանքին» գրութիւնը: ««Ոչ թրքական ապրանքին». կ՛ըսէինք դեռ Սուրիոյ մէջ: Երբ եկանք Հայաստան, նեղացանք, որ մարդիկ թրքական ապրանքը կը գովեն, կ՛ըսեն` սա չինական չէ, թրքական է: Մեզի համար ատիկա իրօք, ահաւոր նեղութիւն ստեղծեց: Սուրիոյ մէջ այս գործով կը զբաղէինք, ըսինք, որ շատ լաւ կ՛ըլլայ, որ մենք Երեւանի մէջ հայկականը ընենք, քան թրքական կամ չինական պատրաստ ապրանք բերենք»,–կ'ըսէ  սուրիահայ երիտասարդը: «Նոյն ապրանքը, որ կայ դուրսը, արդէն կը կարենք հոս, Երեւանի մէջ: Մարզական հագուստ այսինքն` ինչ-որ պէտք է ամենօրեայ հագուելու համար: Այստեղ կը կարուի, կը ձեւուի, բոլորը կը տպուին  մեր մօտ եւ նոյն մեր խանութին մէջ ալ կը վաճառուին», -կը պատմէ Արամը ու կը մատնանշէ խանութին հասցէն` Կողբացի 20/3:

Գործ հիմնելու ճանապարհը դժուար չէ եղած, կ՛ըսէ` պատճառն այն է, որ ամէն ինչ օրէնքի դաշտին մէջ է: «Խնդիրներ չենք ունեցած, ամէն ինչ օրինական ճանապարհով կ՛ընենք: Ատիկա ամենաճիշդ ձեւն է: Եթէ մենք օրինական ձեւով չընենք, ապա  խնդիրներ կ’ունենանք: Ոչ մէկ գումար վարկով չենք վերցուցած» -կ՛ըսէ երիտասարդը: Սուրիա վերադառնալու մասին չի մտածեր. «Եթէ երթալու մտադրութիւն ունենայի, մինչեւ հիմա հոս չէի ըլլար»:  Արամը իր փոքրիկ գործը կը ցուցադէր «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» ցուցահանդէսին, որուն բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած եւ գործարարութեամբ զբաղող սուրիահայերու եօթանասունէ աւելի ընկերութիւններ ու անհատ ձեռնարկատէրեր, տեղի կ՛ունենայ «Տնտեսական հնարաւորութիւններու շաբաթ» գործարար համաժողովի ծիրէն ներս: Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահը ծանօթացած է տարբեր ոլորտներու մէջ պիզնես գործունէութիւն ծաւալած սուրիահայերու աշխատանքի արդիւնքին` ցուցահանդէսին ներկայացուած արտադրատեսականիին եւ առաջարկուող ծառայութիւններու սպառման հնարաւորութիւններուն, ընթացիկ խնդիրներուն ու զարգացման ծրագիրներուն:

 

 Նիւթը ՝ Panorama.am-ի 

 

 Aram b