Սուրիոյ Տարհա քաղաքին մերձ ահաբեկչական պայթում մը թիրախ դարձուցած է սուրիական բանակի 5-րդ զօրասիւնի ջոկատ մը։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքը։
Աղբիւրը կը նշէ, որ բանակի մարդատար կառքը թիրախ դարձած է լարուած ականի մը պայթումին եւ դէպքը տեղի ունեցած է Տարհայի «Ալ Քահիլ» աւանին մէջ։
Կարգ մը աղբիւրներ կը նշեն, որ զոհերուն թիւը հասած է 9-ի եւ կան քսանէ աւելի վիրաւորեալներ։
Շրջանին մէջ լարուած իրավիճակ կը տիրէ։