image

Ծեծկռտուք Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս

Ծեծկռտուք Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս

Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի հերթական քննարկումը աւարտած  է ծեծկռտուքով: Այս մասին tert.am-ի համաձայն, կը հաղորդէ թրքական IHA գործակալութիւնը, նշելով, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի 3-րդ կէտի շուրջ քննարկումէն ետք քուէարկութեան ժամանակ լարուածութիւն ստեղծուած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» եւ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւններու պատգամաւորներու միջեւ, ինչը վերածուած է հրմշտոցի եւ վերաճած զանգուածային ծեծկռտուքի:

Դէպքէն ետք ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի կին պատգամաւորներէն Ֆաթմա Քափլանը յայտարարած է, որ վէճի ընթացքին ֆիզիքական բռնութեան ենթարկուած է իշխող կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Մուսթաֆա Էլիթաշի կողմէ, որ, նոյնիսկ խլեր ու վնասեր է անոր բջիջային հեռախօսը: Ֆաթմա Քափլանը Մեճլիսի պատգամաւորներուն ցոյց տուած է իր վիզին երեւցող բռնութեան հետքերը: