ՀՀ Ազգային ժողովը պիտի քննարկէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար, պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու հարցը: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին գրած է խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը:
Հարցերը ընդգրկուած են 16 յունիսին մեկնարկող հերթական նիստերու օրակարգին։