Երէկ, Տիարպէքիրի մէջ տեղի ունեցած պայթումին զոհուած ոստիկաններու թիւը հասած է 4-ի, մինչ երկուքը՝ վիրաւորուած են: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը, նշելով, որ պայթումը իրականացուած է Սուր թաղամասին մօտ:
Աղբիւրը կը յայտնէ, որ պայթումը եղած էր հեռակառավարուող պայթուցիկ սարքի միջոցաւ, որուն թիրախ դարձած էր Սուրի կողքով անցնող ոստիկաններ տեղափոխող կառքը:
Հակառակ անոր, որ յարձակումն իրագործող կողմը տակաւին չէ բացայայտուած, սակայն Թուրքիոյ պաշտօնական «Անատոլու» գործակալութիւնը յստակօրէն նշած է, որ յանցագործները «Քրտական Բանուորական կուսակցութեան ահաբեկիչներն են»: