image

Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը պատրաստ է անմիջական կապ հաստատել Դամասկոսի հետ

Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը պատրաստ է անմիջական կապ հաստատել Դամասկոսի հետ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդա-հանրապետական»» կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, որ նպատակ ունի անմիջական կապ հաստատել Սուրիոյ կառավարութեան հետ: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Անգարայի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, որ ներկայիս իր կուսակցութիւնը կը քննարկէ Սուրիա մեկնիլ կամ չմեկնելու, եւ Սուրիոյ կառավարութեան հետ անմիջական կապ ստեղծելու հարցը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան նոյնպէս որոշ ժամանակ առաջ յայտարարած էր, որ չի բացառեր քիւրտերու դէմ պայքարին մէջ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ համագործակցելու հաւանականութիւնը: