Սուրիոյ մարդու իրաւունքներու սուրիական տեղեկատուական կեդրոնի «Syriahr.com» կայքը կը գրէ.
Թուրքիոյ «Ապագայ» Կուսակցութեան առաջնորդ՝ Ահմէտ Տաութօղլու ըսած է, որ երկրի ներկայիս Նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը եւ անոր ընտանիքը, ամէնէն մեծ «փորձանքն են, որ բաժին հասած են մեր ժողովուրդին», կը գրէ թուրքական ընդդիմադիր «Զաման» թերթը:
Ըստ Տաուտօղլուի, որ անցեալին Էրտողանի ամէնէն մտերիմ գործակիցներէն մէկն էր, երբ նախքան պաշտօնը ձգելը ծառայած էր որպէս Արտաքին Գործերու Նախարար, եւ ապա՝ Վարչապետ, Էրտողանին՝ իշխանութեան մնալու ցանկութիւնը ստիպած է զինք սկզբունքօրէն անբնական քաղաքական դաշինքեր կնքել, ինչպիսիք են անոր դաշինքը ազգայնական կուսակցութեան՝ Տեւլէթ Պահչելիի գլխաւորած ազգայնական շարժումին հետ, իսկ միւսը ձախակողմեան՝ Տողու Փերինչէքի գլխաւորած «Վաթան» կուսակցութեան հետ:
Տաուտօլու Մերսինի մէջ կայացած իր կուսակցութեան համաժողովի բացումին արտասանած խօսքին մէջ յայտնած, թէ Էրտողանը նոյնիսկ դաշինք հաստատած է 1990-ականների յեղափոխականներուն հետ, եւ մեղադրած է Էրտողանին անընդհատ իր դիմաց խոչընդոտներ յառաջացնելուն մէջ. ան ըսած է. «Էրտողանը Թուրքիոյ հին խորհրդանիշներուն համար՝ իր ընկերները լքեց, որոնք կռուեցան ու պայքարեցան իր հետ, ու հիմա կը փորձէ խոչընդոտել մեզ: Ան իր աջին Պահչելին դրաւ, որ 1997-ի յեղաշրջումին պարագլուխներէն էր, իսկ իր ձախին դրաւ անոր, որ հակառակ է աղօթքի կանչին ու գլխաշորին, եւ արտայայտուած է, որ 1997-ի յեղաշրջումը տակաւին կը շարունակուի»:
Անդրադառնալով Էրտողանի թուրքերուն ուղղած վերջին կոչին՝ համբերատար ըլլալու իրենց կրած դժուարութիւններուն, Տաուտօղլուն ըսած է. «Ազգը համբերատար է: Բայց ի՞նչ փորձանքի պիտի համբերէ ան: Որո՞նք են այս փորձանքին պատճառը: Եթէ ան համբերատար ըլլալ նկատի ունի աղքատութեան, գործազրկութեան, սղութեան, զեղծարարութեան եւ անարդարութեան համար, շատ բարի, բայց ո՞վ է այս բոլորին պատճառը: Դո՛ւք իսկ էք փորձանքը. այս ժողովուրդին կրած ամէնէն մեծ փորձանքը ձեր ստեղծած համակարգն է, որ երկիրը վերածեց ընտնաեկան աղետալի պիզնեսի»: