11 յունուարին Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի (TBMM) Գլխաւոր խորհուրդի օրակարգը սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծն է: Թրքական «Habertürk» լրատուակայքի տեղեկացմամբ՝ փակ քուէարկութեան դրուած նախագիծի առաջին եւ երկրորդ յօդուածները ընդունուած են։
Նախագիծի առաջին յօդուածի համար իրականացուած քուէարկութեան մասնակցած է 484 պատգամաւոր, որոնցմէ 347-ը կողմ քուէարկած է, 132-ը՝ դէմ։ 2 պատգամաւոր ձեռնպահ մնացած է, 2 քուէաթերթիկ դատարկ եղած է, եւս մէկը անվաւեր համարուած է:
Երկրորդ յօդուածի քուէարկութեան մասնակցած է 480 պատգամաւոր. գրանցուած է 343 կողմ, 133 դէմ, 1 ձեռնպահ քուէ, 2 քուէաթերթիկ դատարկ եղած է, 1 քուէաթերթիկ անվաւեր համարուած է:
Համաձայն նախագիծի առաջին յօդուածի՝ փոփոխութիւններ կը կատարուին սահմանադրութեան «դատական իրավասութիւններու» վերաբերեալ բաժնէն ներս: Նախագիծի երկրորդ յօդուածը կը նախատեսէ պատգամաւորներու թիւի յաւելում. 550-ի փոխարէն մէճլիսը այսուհետ կ'ունենայ 600 պատգամաւոր: