Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած է քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը (HDP) ներկայացնող պատգամաւոր Մերալ Տանըշ Պէշթաշը: Թրքական «Sondakika» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ նախօէրին Պեշթաշ եւ HDP-ի խօսնակ Այհան Պիլկէն բերման ենթարկուած էին, ապա դատարանի որոշումով ազատ արձակուած: Սակայն Տիարպէքիրի հանրապետական դատախազութիւնը բողոքարկած էր դատարանի որոշումը: Դատախազութեան դիմումը բաւարարուած էր եւ պատգամաւորները կրկին բերման ենթարկուած են:
Մերալ Տանըշ Պէշթաշի նկատմամբ կալանաւորման որոշում կայացուած է:
HDP-ի եւս մէկ պատգամաւոր Լեզգին Պոթան Վանի դատախազութեան որոշումով բերման ենթարկուած է՝ իր նկատմամբ բացուած քրէական գործի հետքաննութեան շուրջ ցուցմունք տալու համար: Ան կը մեղադրուի «ահաբեկչական կազմակերութեան օգտին քարոզչութիւն ընելու», «հրապարակաւ յանցագործութեան դրդելու» եւ «զինուած ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու» մէջ: Պատգամաւորը դատարանի որոշմամբ ազատ արձակուած է: