image

Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Աֆրինի մէջ մեծ պայթում. Կան տասնեակ զոհեր

Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Աֆրինի մէջ մեծ  պայթում. Կան  տասնեակ զոհեր

 Սուրիական Աֆրին քաղաքին մէջ գրանցուած  է մեծ    պայթում։

  Այս մասին տեղեկութիւնը  հաղորդեց  «Անատոլու» գործակալութիւնը նշելով, որ  նաւթատար   կառքի մը  պայթումը պատճառ դարձած մեծաթիւ զոհերու։

 Նոյն  աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ պայթումին հետեւանքով զոհուած են    40 անձեր, իսկ  վիրաւորներուն թիւը    հասած է 47-ի։

  Նշենք,  որ    մեծամասնութեամբ  քիւրտերով  բնակեցուած   եւ  Սուրիոյ  անբաժան մասնիկը համարուող  Աֆրինը  անցած էր    թրքական ուժերու  տիրապետութեան տակ      2018 թուականի  մարտին։