image

Թուրքիոյ խորհրդարանի կին երեսփոխաններ զիրար ծեծած են

Թուրքիոյ խորհրդարանի կին երեսփոխաններ զիրար ծեծած են

Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս կրկին թէժ կիրքեր բորբոքած են սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի քննարկումներու ընթացքին: Այս անգամ ծեծկռտուքի բռնուած են կին պատգամաւորներ: Այս մասին կը յայտնէ «CNN»ի թրքական ծառայութեան տարածած հաղորդագրութիւնը:

Աղբիւրը նշած է, որ Անգարայէն ընտրուած անկուսակցական պատգամաւոր Այլին Նազլըաքան ինքզինք ձեռնաշղթայած է Մեճլիսի ամպիոնի խօսափողին եւ մօտ երկու ժամ պոյքոթած է խորհրդարանական քննարկումները: Այնուհետեւ, երբ խորհրդարանի փոխխօսնակը խնդրած է պատգամաւորէն վերադառնալ իր տեղն ու չխոչընդոտել խորհրդարանի աշխատանքը, Նազլըաքան համախմբման կոչ ուղղած է կին պատգամաւորներուն: Իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան Անթալիայէն ընտրուած կին պատգամաւոր Կէօքչէն Օզտողան Էնչ փորձած է բռնի ուժով հանել Այլին Նազլըաքանի ձեռնաշղթաները, որուն ընթացքին կռիւ սկսած է քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան եւ իշխանամէտներու կին պատգամաւորներուն միջեւ: Ծեծկռտուքին միջամտած են նաեւ ընդդիմադիր քեմալականները:

Ծեծկռտուքի հետեւանքով Մեճլիսի փոխխօսնակ, քրտամէտ պատգամաւոր Փերուին Պուլտան տեղափոխուած է հիւանդանոց: Իսկ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորներէն Շաֆաք Փաւէին ձեռքի արհեստական հենակը դուրս եկած է:

 

Son Dakika Meclis'te kadın milletvekilleri kavga etti
Son Dakika Meclis'te kadın milletvekilleri kavga etti
Son Dakika Meclis'te kadın milletvekilleri kavga etti