Թուրքիա («Էլ Նաշրա»-Լիբանան) Պելճիքայի նախկին վարչապետ Կի Վերհոֆշթադ քննադատած է այն պայմանագրի նախագիծը, որ պիտի ստորագրուի Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ, կասեցնելու համար գաղթականներու հոսքը՝ ԵՄ երկրներ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ լիբանանեան «Էլ-Նաշրա» կայքէջը, նշելով, որ պայմանագրի համաձայն գաղթական եւ փախստական սուրիացիները Յունաստանէն Թուրքիա պիտի վերադարձուին՝ ուժ կիրառելով: Վերհոֆշթադ յայտնած է, թէ զանգուածային տեղահանութիւնը անբարոյական է, եւ կը հակասէ ՄԱԿ-ի փախստականներու յատուկ համաձայնագրին, որ կնքուած էր 1951-ին, եւ վաւերացուած Եւրոմիութեան կողմէ: Վերհոֆշթադ նաեւ քննադատած է, եւ զիջում համարած Եւրոմիութեան կողմէ Թուրքիոյ վճարուելիք գումարը եւ վիզայի քաղաքականութեան վերացումը Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար, շեշտելով, որ այդ մէկը ներքին յաղթանակ մը պիտի նկատուի Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայիպ Էրտողանի համար, որ, ինչպէս դիտել կու տայ Վերհոֆշթադ, իր երկիրը հետզհետէ կը մատնէ աւելի ծանր բռնատիրութեան եւ ազատութիւններու սահմանափակման: Վերհոֆշթադ կը նախընտրէ, որ ԵՄ-ն Թուրքիոյ յատկացուցած գումարը տրամադրէ ուղղակի Փախստականներու հարցերով զբաղուող ՄԱԿ-ի գրասենեակներուն, որպէսզի զայն օգտագործէ փախստականներու քէմփերուն մէջ խրուած մարդոց կրթութեան եւ այլ անհրաժեշտ ապրուստի յարմարութիւններուն: Պելճիքացի գործիչը ամօթալի կ'որակէ կողմէ փախստականներու հարցի եւ ճգնաժամի լուծման Երոմիութիւնը փոխարինող ներկայացուցիչ գտնելու ձգտումը, փոխանակ հարցի եւրոպական մարմնին կողմէ լուծուիլը: Ան նաեւ ըսած է , որ արագօրէն պէտք է ստեղծուի Եւրոմիութեան պատկանող ծովափեայ պահակախումբ, որ պիտի զբաղուի փախստականներու թղթածրարներով՝ փոխանակ զայն Թուրքիոյ յանձնելը: «Մենք կը սխալինք, եթէ մտածենք, որ Թուրքիան պիտի լուծէ փախստականներու ճգնաժամի հարցերը, այդ մէկը կարելի է լուծել միայն իսկական եւրոպական մօտեցումի որդեգրումով, որ հիմնուած պէտք է ըլլայ մարդու իրաւունքներու եւ համերաշխութեան սկզբունքներու հիման վրայ: