Ռուսական «Սու -24»ի կործանիչի անկումով լարուած հանգրուան մտած Ռուս-Թրքական յարաբերութիւնը համատարած պատերազմի մը վերածուելու հիմքեր չունի: Կողմերուն միջեւ առկայ եւ վերջին ամիսներուն «ծաղկում» ապրած «արհեստական սիրաբանութիւնը» վերջ գտած է: Ու ասոր դիմած երկու պետութեանց միջեւ հակամարտութիւնը երեւելի պիտի դառնայ սուրիական հողերուն վրայ: Մոսկուայի համար օդանաւի ջախջախման դէպքը անմարսելի է ու անհետեւանք պիտի չմնայ, սակայն դեռ պարզ չէ, որ Գրէմլին ինչ հիմունքներով պիտի պատասխանէ Էրտողանի իշխանութեան թոյլ տուած միտումնաւոր արարքին: Այս ընդհանուր պատկերին դիմաց ուշադրութեան արժանի էր այսօր թիւրքմէն զինեալի մը լուսանկարը, ուր ան իր ուսին կրած է հակաօդային հրթիռ մը: Աւելի ուշ պարզ կը դառնար, որ արդիական հրթիռը Strilla տիպի է (զարմանալիօրէն ռուսական) եւ կարողութիւնը ունի կարեւոր գործօն մը դառնալ երկու ուժերուն միջեւ գրանցուելիք ցանկացած զինուորական զարգացման մը պարագային: Տակաւին շատեր կը խօսին նոր սկիզբ առած պաղ պատերազմ-2 -ի մը մասին, որուն կեդրոնը սկիզբ կառնէ Թուրքիոյ մերձ գտնուող Ճարապլուսէն ու կ'երկարի մինչեւ Էրտողանի ապահովական գօտի ստեղծելու երազանքը: Խաղը նոր օրինաչափութիւններ ունի եւ Անգարայի կամ Մոսկուայի կողմէ ցանկացած գործողութիւն կրնայ ճակատագրական դեր ունենալ` մասնաւորապէս արիւնաքամ դարձած Սուրիոյ համար: Թիւրքմէններու գործօնին դէմ դնելու ամէնէն դիմաց ամէնէն ազդու միջոցը քրտական զինեալներու գործօնն է եւ արդեօ՞ք Մոսկուա պիտի դիմէ քիւրտերը ոտքի հանելու քայլին: