Հակառակ նախորդիւ յայտարարուած տեղեկութիւններուն, թէ թրքական նոր անձնաթուղթերուն մէջ պիտի չնշուի կրօնական պատկանելիութիւնը, Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարար Էֆքիան Ալա խոստովանած է, թէ իր երկրին մէջ «կը շարունակեն ցանկագրել» փոքրամասնութեանց անդամները: Երկրորդ յայտարարութիւնը, որ կը հակասէ առաջին որոշման երթադրած Թուրքիոյ քաղաքացիներու հաւասարութեան միտումին, հարցականներ առաջացնելու պատճառ դարձած էր:Այս ուղղութեամբ, ինչպէս նախապէս «Արեւելք» հաղորդած էր, Թուրքիոյ Խորհրդարանի նախագիծերու եւ պիւտճէի յանձնաժողովին առջեւ ունեցած ելոյթէն ետք, այդ յանձնաժողովի անդամ, քրտամէտ HDP կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան հարց տուած է, թէ «Ճի՞շդ է, որ անձնագրային արձանագրութիւններուն մէջ քաղաքացիներուն գաղտնաթիւեր կը տրուին եւ Հայոց գաղտնաթիւն ալ «2»ն է»։ Այս հարցումին նախարարը պատասխանած է, թէ ամէն մարդ գաղտնաթիւ ունի եւ այդ գաղտնագրումը կը կատարուի ինքնութեան մասին տեղեկութիւններու շտեմարանի համացանցային դրութեամբ:
Նախարարական աղբիւրներ հաղորդած են, թէ գաղտնաթիւերու գործադրութիւնը սկսած է 1990-ական թուականներուն, ինքնութեան մասին տեղեկութիւններու շտեմարանի համացանցային այդ դրութեան հաստատումով: Այսպէս, երկրին քաղաքացիներուն կը տրուին 1-5 գաղտնաթիւերը. յոյներուն՝ 1, հայերուն՝ 2, հրեաներուն՝ 3, ասորիներուն՝ 4 եւ մնացեալին՝ 5:
Երբ տարբեր կրօններու դաւանող քաղաքացիներ կը դիմեն պետական սպասարկութեան ոլորտէ մը ներս, որպէս պաշտօնի մը թեկնածու, Ներքին Գործոց նախարարութիւնը խնդրոյ առարկայ պետական սպասարկութեան կը տրամադրէ վերոնշեալ տուեալները: