««Թռչնոց Բոյն»ի շիրիմները փոխադրելու մասին արաբական թերթերու մէջ տարածուած տեղեկութիւնները անհիմն են» «Արեւելք»ին ըսաւ Սեդա Խտըշեան: ««Թռչնոց Բոյն»ի Հոգաբարձութեան ատենապետուհին նաեւ նշեց, ծրագիրը առայժմ սառած է»: Ան նաեւ յիշեցուց, որ ծրագրի ծիրին մէջ արդէն իսկ կառուցուեցաւ եւ կը գործէ «Արամ Պէզիկեան» անունը կրող թանգարանը: «Բարերարուհի Մարիա Ճէքըպսընի գերեզմանը լրիւ նորոգուած է եւ պանթէոնի վերածուած, փափաք կար նաեւ այլ շիրիմներ փոխադրել պանթէոն: Անոնք որ տնտեսապէս հետաքրքրուած էին «Թռչնոց Բոյն»ի հողատարածքով շահագործեցին խառն վիճակը եւ ըսի ըսաւներ ստեղծեցին: Վարդան Աւագեան անունով անձ մը գլխաւոր հարց հարուցանողն էր, անոր ետին կային այս հողը շահագործել ուզողներ: Աղմուկը դժբախտաբար ծայր առաւ օտար թերթերէն»: Իսկ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ եղող եկեղեցիի մասին խօսելով, Խտըշեան յայտնեց թէ այդ վայրին մէջ եկեղեցի չէ եղած, այլ ննջարան մը ՝ փոքրիկներուն համար, ուր ապագային խորան մը դրուած էր եւ վերածուած եկեղեցիի, սակայն պիտի կառուցուի նոր եկեղեցի: Տիկ. Խտըշեան շեշտը դրաւ, որ լրագրողները իրենց տեղեկութիւնները հաւաստի աղբիւրներէ քաղեն: