image

Թրամփ եւ Նաթանիահու քննարկած են Իրանի հարցը

Թրամփ եւ Նաթանիահու քննարկած են Իրանի հարցը

ԱՄՆ-ի նոր նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահոյի հետ քննարկած է «Իրանի ներկայացուցած սպառնալիքի» հարցը, կոչ ընելով վերջինիս փետրուար ամսուն Ուաշինկթըն այցելել: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ Սպիտակ Տունը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարած է, որ Թրամփ եւ Նեթանիահու «համաձայնած են շարունակել կարծիքներու փոխանակումը՝ տարածաշրջանային շարք մը հարցերու վերաբերեալ, որոնց շարքին յատկապէս Իրանի սպառնալիքներու հարցը, ինչը առաջին ցուցանիշը կը հանդիսանայ  ԱՄՆ նոր վարչակազմի կողմէ Թեհրանի հանդէպ ճնշումներուն: