image
Հրատապ լուրեր:

Թրամբի մեղադրանքը զօր. Սուլայմանիին դէմ

Թրամբի մեղադրանքը զօր. Սուլայմանիին դէմ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը յայտարարած է, որ Պաղտատի մէջ սպանուած զօրավար Քասէմ Սուլեյմանին պատասխանատւութիւն կը կրէ միլիոնաւոր մարդոց մահուան համար, այդ շարքին Իրանի մէջ՝ ցուցարարներու։ Այս մասին Թրամբ գրած է իր թուիթըրեան էջին։

Թրամբ անոր վրայ բարդած է նաեւ տեւական ժամանակ հազարաւոր ամերիկացիներու սպանութիւնն ու ծանր վնասուածքներ պատճառելը։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ զօրավարը ծրագրած էր այն շարունակել նաեւ յետագային:

«Հակառակ որ Իրանը երբեք չի խոստովանիր, բայց երկրին մէջ ատած են Սուլեյմանին ու վախեցած՝ անկէ»,-գրած է ան՝ նշելով, որ իսլամական հանրապետութեան առաջնորդներու յայտարարութիւնները  համաշխարհային հանրութեան հակառակը համոզելու փորձեր են։

Սպիտակ տան առաջնորդի խօսքով՝ բարձրաստիճան զինուորականներուն պէտք էր «ոչնչացնել դեռ տարիներ առաջ»։

ԱՄՆ պետքարտուղար Մայք Փոմփէօն յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ը պատրաստ է Սուլեյմանիի սպանութեան համար Իրանի որեւէ պատասխանի։ Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ վարչակազմը հնարաւոր բոլոր միջոցներով պիտի պաշտպանէ ամերիկացիները՝ Թեհրանի հնչեցուցած սպառնալիքներէն։