image

Թալ Ապեատի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին քիւրտերու խաղավա՞յր (Լուսանկարներ)

Թալ Ապեատի  Սուրբ Խաչ Եկեղեցին  քիւրտերու  խաղավա՞յր   (Լուսանկարներ)
   

Թալ Ապեատի  հայոց եկեղեցին   երեխաներու  խաղավայրի վերածուած է: Այս մասին «Արեւելք» ահազանգ ստացաւ Թալ Ապեատէն:  Տարբեր շրջաններէ, մասնաւորապէս Իրաքի Գընտիլ շրջանէն  Թալ Ապեատ  հասած  ընտանիքներ, եկեղեցի  մուտք գործելով, զայն  վերածած են խաղավայրի: Սուրբ Խաչ  եկեղեցին հիմնուած է  1924-ին եւ ապա  վերանորոգուած՝ 1975-ին:  Նշենք, որ նոյն եկեղեցին    անցնող տարուան  2015  Յուլիսէն մինչեւ Սեպտեմբեր   երկարող ժամանակաշրջանին   դարձած էր  Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման կեդրոնատեղի  եւ այս  մասին  «Արեւելք»      օրին յատուկ  տեսագրութիւն մը  տեղադրած էր  կայքին վրայ: Շրջանէն Տահէշի  հեռանալէն ետք,   Քիւրտ  պատասխանատուներ (առաւելաբար    YPG   շարժումէն)   եկեղեցին  վերստին յանձնած էին  տեղի հայ բնակիչներուն:  Մինչեւ այս լուրին հրապարակումը՝ մեր աղբիւրը յայտնեց, որ շրջանի քիւրտ  պատասխանատուները, ընդառաջելով տեղի  հայ բնակիչներուն պահանջին եւ դիմումներուն՝ ստիպած են      Եկեղեցիին մէջ   կայք հաստատած ընտանիքներուն արագօրէն  հեռանալ  տարածքէն ու ներկայիս  եկեղեցին   դարձեալ    տրուած է   տեղի  հայութեան:   Տեղին  է նշել, որ ներկայիս   Թալ Ապեատի  մէջ կը բնակին   5 հայ ընտանիքներ,  այլ   ընտանիքներ կ'ապրին Թալ Ապեատի  մերձ  գտնուող «Այն Արուս» աւանին  մէջ:

 

Լուսանկարները առնուած  են այս առաւօտ,  այն պահուն  երբ   քիւրտ ընտանիքներ կը գտնուէին Եկեղեցիին մէջ: