Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանը կոչ ուղղած է համայնքի անդամներու «Տէր կանգնիլ ազգային արժէքներուն»:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քուէյթի իր աղբիւրէն, որ աւելի վաղ ալ յայտնած էր, թէ գաղութի կեանքին մէջ «ցնցիչ դէպքեր» պատահած են: Կը հաղորդուի նաեւ, որ գաղութին մէջ տիրող լարուածութիւնը փարատելու նպատակով եւ ատեն մը լուռ մնալէ ետք Առաջնորդարանը գլխաւորութեամբ առաջնորդական տեղապահ Տ. Մասիս ծ.վրդ. Զոպուեանին ստիպուած եղած են «բացէ ի բաց» խօսելով եւ յատկապէս հակամարտող կողմերէն խնդրել զգօնութիւն ցուցաբերել կապուած ներքին բաւական սուր եւ անցեալէն եկող որոշ տարակարծութիւններու:
Կը նշուի նաեւ, որ համայնքի ներքին կեանքը կը շարունակէ մնալ փոթորկած ու մինչեւ այս լուրին գրուիլը տակաւին պարզ չէ, թէ ինչ արձագանքներ կը լսուին Առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած «զգօնութեան կոչ»էն ետք: