Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ.-ի յատուկ բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրա յայտարարեց աւարտը Ժընեւի բանակցութիւններու ներկայ փուլին: Տէմիսթուրա նաեւ յայտնեց, որ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը պիտի կայացուի յառաջիկայ Սեպտեմբերին:
Վերջինիս վկայութեամբ Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ ընդդիմութեան տարբեր թեւեր իրենց նախնական համաձայնութիւնը յայտնած են մասնակցելու յառաջիկայ նիստին: Դիւանագէտը նշած է, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի ընթացքին, պէտք է մշակուի յատուկ քաղաքականութիւն բնակիչներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար, շեշտելով որ երբեք պէտք չէ արդարացնել ահաբեկիչներու արարքները ընդգծելով նաեւ, որ բոլոր այն կողմերը, որոնք կը վտանգեն խաղաղ բնակչութեան անվտանգութիւնը, ենթակայ պիտի ըլլան օրինական դատավարութեան: «Սուրիոյ փրկութիւնը միջազգային կողմերու հիմնական առաջնահերթութիւններէն է» ըսած է Սթեֆան Տէ Միսթուրա: