image

«Տահէշ»ականներու Թուրքիա վերադարձը լուրջ մտահոգութիւն

«Տահէշ»ականներու   Թուրքիա  վերադարձը   լուրջ մտահոգութիւն

Թրքական «Հիւրրիյէթ» պարբերականի սիւնակագիրներէն Էրթուղրուլ Օզքիոք, անդրադառնալով «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու՝ շուրջ 300 թուրք կանանց Իրաքէն արտաքսելու մասին լուրին, նշած է, որ «Տահէշ»ականներու վերադարձը Թուրքիա մեծ վտանգ կը ներկայացնէ երկրին համար:


«Ոտքով գացին, բեռնատարներով ետ կու գան: Երթալու ժամանակ Սուրիոյ համար վտանգ էին , ետ գալու ժամանակ՝ մեզ», - գրած է Օզքիոքը:

Վերջինս իր վրդովմունքը յայտնած «Տահէշ»ականներու կանանց հարազատներուն՝ պետութեան պահանջներ ներկայացնելուն համար:


«Իսլամական  պետութեան» միացած ահաբեկիչներու կանանց հարազատները եկած են Անգարա՝ արտաքին գործոց նախարարութենէն օգնութիւն խնդրելու եւ յայտնած են, որ երկար ժամանակ է՝ լուր չունին ԻՊ-ի կազմի մէջ յայտնուած իրենց դուստրերէն ու քոյրերէն:

«Կը տեսնեմ «Տահէշ»-ականներու ընտանիքները անհանգիստ են: Իրենց սեւ շորերով եկան, ուզեցին մտնել Մեճլիս, թոյլ չտուին, եկան արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց: Կ'ըսեն՝ իրենց դուստրերէն, որդիներէն լուր չունին…Կը ներէք, ո՞ւր էիք երբ ձեր ամուսինները, որդիներն ու եղբայրները մարդոց գլուխ կը կտրէին, եզիտի կանանց  կը  բռնաբարէին, …», - կը շարունակէ թուրք սիւնակագիրը:

Նշենք, որ օրեր առաջ յայտնի դարձած է, որ Իրաքի իշխանութիւնները կը պատրաստուին երկրէն արտաքսել «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման յանձնուած կամ սպանուած զինեալներու 509 կանանց ու անոնց 813 երեխաներուն: Կիներէն 300-ը Թուրքիոյ քաղաքացիներ են: