Սուրիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի տնօրէն Ռամի Ապտ Ալ Ռահման «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութեան յայտնած է, որ Սուրիոյ բանակին ենթակայ շարք մը շրջաններու վրայ ահաբեկչական յարձակումներու փորձեր կատարելէ ետք, «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման միաւորները նահանջած են դէպի Սուրիոյ արեւելեան Պուքամալ քաղաքի շրջակայքը:
Աղբիւրին համաձայն, անցնող ուրբաթ օր ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները կարողացած էին ներթափանցել Տէր Զօրի արեւելեան շրջանն ու իրենց տիրապետութեան տակ վերցնել անոր մէկ մասը:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ յիշեալ շրջաններէն զինեալ ահաբեկիչները հեռացուած են Սուրիոյ բանակի զինուորներուն հետ դաժան բախում ունենալէ ետք:
Թէժ մարտերու ժամանակ երկու կողմերը տասնեակ զոհեր տուած են: