Վերջին մէկ տարուան ընթացքին եղած զարգացուցմներէն ու յատկապէս Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին արք. Պէքճեանի իր պաշտօնէն հրաժարելէն ու ապա Պոլիս տեղափոխուելէն ետք Թեմին մէջ երկար տարիներէ ի վեր հովուական ծառայութիւն կատարած նուիրեալ հոգեւորականներէն ՝Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեանը երէկ թեմական խորհուրդի անդամներու միաձայնութեամբ ընտրուած է Առաջնորդական Տեղապահ:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գերմանիոյ Առաջնորդարանի մօտիկ կանգնած աղբիւրէ մը:
Յիշեցնենք, որ Տ. Սերովբէ վրդ.ի գլխաւոր եւ հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ թեմի առաջնորդի ընտրութեան աշխատանքները:
Կը սպասուի նաեւ, որ յառաջիկայ ամիսներուն վարդապետը հրաւիրէ թեմի ընդհանուր ժողով ու գաղտնի քուէարկութեամբ պիտի կատարուի Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ընտրութիւնը: