Ամերիկեան «National Interest» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, որուն հեղինակն է քաղաքական վերլուծաբան Դանիէլ Տոպթրես, որ շեշտած է, թէ ռուսական ուժերու միջամտութենէն ետք ձեռք բերուած յաջողութիւնները ցոյց կու տան, որ Ասատ յաղթական դուրս եկած է պատերազմէն:
Յօդուածագիրին կարծիքով, Ասատի տարած յաղթանակի վառ օրինակն է նաեւ արեւմտեան երկիրներու կողմէ անոր նախագահական պաշտօնէն հեռանալու պահանջէն ետ կանգնիլը, թէեւ վերջիններս շատ կարճ ժամանակ առաջ այդ մէկը պարտադիր պայման կը համարէին:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ կորսնցուցած հողերուն, յօդուածագիրը լուսարձակի տակ առած է վնասներու տնտեսական կողմը, նշելով, որ ըստ Միջազգային դրամատան գնահատման, այդ վնասները 226 միլիառ տոլար կազմած են, եւ որոշ սուրիական ազատագրուած քաղաքներ, ինչպիսիք են Հալէպը, Ռաքքան, Հոմսը, Փութինի համար մեծ կարեւորութիւն ունին:
Անդրադառնալով այդ քաղաքներու կարեւորութեան, թերթը յայտնած է, որ Սուրիոյ բարեկամ շարք մը հարուստ երկիրներ պատրաստակամութիւն յայտնած են Սուրիոյ վերաշինութեան համար օգնութիւններ տրամադրել:
Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ առանց արեւմտեան միջամտութեան Սուրիա պիտի չկարողանայ վերագտնել իր կենսունակութիւնը, Փութին այժմ երկընտրանքի դիմաց կանգնած է: Ան կա'մ պէտք է տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ տրամադրելով ինք իր վրայ վերցնէ Սուրիոյ վերաշինութիւնը, կա'մ Ասատը օժանդակելէ հրաժարելով թոյլ տալ, որ արեւմտեան երկիներն իրենց նիւթական օժանդակութիւնները տրամադրեն Սուրիոյ:
Ըստ վերլուծաբանին, առաջին տարբերակը Ռուսիոյ համար շատ ծախսալից տարբերակ է, իսկ երկրորդ տարբերակն ընտրելու պարագային Փութին պիտի ընդունի անել կացութեան մատնել Միջին Արեւելքի մէջ իր միակ դաշնակիցը:
Յօդուածագիրը շեշտը դրած է այն շտքին վրայ, թէ Փութինի համար շատ ծանր պիտի ըլլայ իր մղած պայքարի աւարտին յայտնաբերել, թէ իր ծրագրած յաղթանակը ոչ թէ տաղանդաւոր քայլ էր, այլ սխալ արարք: Հետեւաբար, ըստ վերլուծաբանին, քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ կեանքի մէջ, որեւէ քայլ առնելէ առաջ պէտք է լաւ մտածել անոր հետեւանքներուն մասին: