Սուրիոյ Դեմոկրատական խորհուրդի համանախագահ Ռիատ Տիրտար յայտարարած է, որ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերը պիտի միանայ Սուրիոյ բանակին, պայմանաւ, որ վերջինս երաշխաւորէ անոր զինումը, երբ Սուրիոյ մէջ ճգնաժամի լուծում տեղի ունենայ:
Քրտական «Տուուտաու» լրատուական ցանցին հետ հարցազրոյցի ընթացքին Տիրտար յայտնած է. «Եթէ մեր հեռանկարը դաշնակցային համակարգով ղեկավարուող մէկ միասնական Սուրիա ստեղծելն է, ուրեմն կարիք չկայ զէնքերու եւ ուժերու, որովհետեւ այդ ուժը պիտի ներառուի սուրիական բանակին մէջ, նաեւ որովհետեւ իշխող նախարարութիւնները, ինչպիսիք են բանակն ու Ներքին գործոց նախարարութիւնը, կեդրոնական են, իսկ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերը սուրիական ուժեր են, եւ ոչ թէ տեղական ուժեր»:
Տիրտար շեշտած է, որ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերը կը գործէ յանուն Սուրիոյ խաղաղութեան, եւ ոչ որպէս որեւէ սուրիական կողմի դէմ հակամարտող ուժ: