Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ ռուս զինուորականներ կառավարութեան հետ համագործակցելով ձեռնարկած են քաղաքի վերաշինութեան, մասնաւոր ուշադրութեան արժանացնելով մանաւանդ հիւանդանոցներն ու դպրոցները:
«Ալ Ժատիտ» կայքի փոխանցմամբ, ռուս սպայ Եւկինի Պուպլաւսքի Տէր Զօրի Հաթլա գիւղի դպրոցի վերաբացման արարողութեան ժամանակ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է, որ ռուս զինուորականներ ստանձնած են քաղաքի ուսումնական ու բժշկական հիմնարկներու վերանորոգման ու վերաբացման, ինչպէս նաեւ տարածքի ականազերծման աշխատանքներու կատարումը:
Դպրոցի վերաբացման օրը ռուս զինուորականներ աշակերտներուն գրենական պիտոյքներ ու մեծ քանակով սննդամթերք տրամադրած են:
Նշենք, որ Հաթլա գիւղի դպրոցը աւելի քան 40 տարուան պատմութիւն ունի եւ Տէր Զօրի լաւագոյն դպրոցներէն կը համարուի, որ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներուն կողմէ բանտի վերածուած էր, ուր մահապատիժներ կ'իրագործուէին: