«Ալ Մայատին» լրատուական կայանը ձեռք բերած է վտանգաւոր փաստաթուղթ մը, որ հրապարակուած է Սուրիոյ ճգնաժամի լուծմամբ զբաղող «Ուաշինկթընի խմբակ»ին կողմէ:
Փաստաթուղթին համաձայն, խմբակին որոշմամբ նախատեսուած է Սուրիան յանձնել ՄԱԿ-ի անմիջական հսկողութեան, նաեւ մասնատել այն ու խոշոր լիազօրութիւններով օժտուած տեղական ինքնավար պետութիւններ ստեղծել:
«Ուաշինկթընի խմբակ»ն իր առաջին հանդիպումն ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ, երկու շաբաթ առաջ: Անոր մաս կը կազմեն ԱՄՆ, Ֆրանսա, Բրիտանիա, Սէուտական Արաբիա եւ Յորդանան:
Նշուած փաստաթուղթը յանձնուած է ՄԱԿ-ի յանձնակատարին, որպէսզի հիմք հանդիսանայ Սուրիոյ ճգնաժամի բանակցութիւններու ժամանակ վերջինիս գործողութիւններուն ու յայտարարութիւններուն: