image

Սուրիոյ բանակը կարողացած է թրքական ուժերէն ազատագրել Ռաս Ուլ Այնի կարգ մը շրջաններ

Սուրիոյ բանակը կարողացած է թրքական ուժերէն ազատագրել Ռաս Ուլ  Այնի կարգ մը շրջաններ

Սուրիական արաբական բանակի ստորաբաժանումները դաժան մարտերէ ետք թրքական ուժերէն ազատագրած են Ռաս Ուլ Այն շրջանի Ում Շէյֆա բնակավայրը, կը յայտնէ ՍԱՆԱ-ն։

Գործակալութեան տուեալներով, «Ալ Սուրիա» հեռուստաալիքի նկարահանող խումբը, որու կազմին մէջ են լրագրող Ֆատէլ Համատան եւ նկարահանող Ուալիտ Իպրահիմն ու Մուհամմետ Ալ Խալէտը, Ում Շէյֆայի մէջ բախումներու լուսաբանման ժամանակ յայտնուած է կրակոցնրու տակ։

Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին սուրիական բանակը ամրապնդած է իր դիրքերը Թէլ Թամրայի մօտ գտնուող բնակավայրերու մէջ, ինչպիսին են Պապ Ալ Հեյրը, Ալ Ֆեսլիան, Ալ Մանախը եւ Ալ Մախմուտիան։