Ժամեր առաջ Շարժայի վրայով Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան ժամանած են 12 հալէպահայեր: Այս մասին «Արեւելք»ին տեղեկութիւն փոխանցեցին «Զուարթնոց» օդակայան գտնուող Երեւանի AMMA-ի գրասենեակի ներկայացուցիչները: «Արեւելք»ի ունեցած տուեալներով, ժամանողներուն մէջ եղած են հալէպահայ Սապա ընտանիքի չորս անդամներ: Սապաները ընտանիքն են Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին Տէր Զօրի մէջ զոհուած Յակոբ Սապաին (զոհուած Տէր Զօրի մէջ յունուար 2015-ին): Հալէպի մէջ տիրող անապահով դրութեան եւ յատկապէս վերջին ամիսներուն գրանցուած լարուածութիւնէն ետք անոնք, որոշած են լքել իրենց ծննդավայրը եւ հասնիլ Պէյրութ, ապա Երեւան: Այսօր Երեւան ժամանողները դիմաւորած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»ի, ինչպէս նաեւ Երեւանի գրասենեակի աշխատակիցները: Նշենք, որ Սապաներու, ինչպէս նաեւ նոյն օդանաւին մէջ եղող մնացեալ 8 հալէպահայերու Երեւան ժամանման տոմսերը ապահովուած են Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ, իսկ անոնց բնակութեան հարցերը պիտի լուծէ Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Երեւանի գրասենեակը:

