Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Սուրիոյ առաջին տիեզերագնացը, այժմ որպէս փախստական կը բնակի Պոլսոյ մէջ: Այս մասին կը փոխանցէ «Տէյլի Սապահ», նշելով, որ նախքան իր երկիրը պատերազմի հետեւանքով ձգելը եւ որպէս փախստական Պոլսոյ Ֆաթիհ թաղամասին մէջ ապրիլը, Մուհամմէտ Ֆարէս յայտնի էր որպէս հերոս: Ան 1987-ին ընտրուած էր Խորհրդային Միութեան Ինթրքոզմոս խումբի անդամ: Ֆարէս իր առաքելութեան ընթացքին հանդէս եկած էր նախագահ Հաֆէզ Ասատի գովաբանական ելոյթով: Իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ կատարելէ ետք վերադառնալով Սուրիա, ան ստացած էր «Սուրիոյ հերոս» մետալը: Տաս տարիներ համալսարանի մէջ դասաւանդելէ ետք, Ֆարէս վերադարձած էր բանակ եւ դարձած զօրավար 2004-ին: 2012-ին, ան իր ընտանիքին հետ հեռանալով երկրէն՝ դարձաւ փախստական Թուրքիոյ մէջ: «Ես արդէն Թուրքիոյ մէջ կ'ապրիմ չորս տարիէ ի վեր: Մեր վեցանդամ ընտանիքը կ'ապրի երկու սենեականոց բնակարանի մէջ, Պոլսոյ Ֆաթիհ շրջանին մէջ: Ես այստեղ համաժողովներու մասնակցելով կը կիսեմ իմ փորձը», - ըսած է Ֆարէս, որու անունով Սուրիոյ մէջ կոչուած էին օդակայաններ եւ փողոցներ:«Այդ մէկը ընտրութեան հարց էր, փոխանակ այնտեղ ապրէի որպէս «հերոս», մինչ իմ ժողովուրդը կը տառապի, ես նախընտրեցի ապրել աքսորի դժուար պայմաններու մէջ, սակայն իմ պատիւով», - ըսած է Ֆարէս իր Թուրքիա հաստատուելու որոշման մասին: Աշխատելով նախկին Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատի հետ եւ կապի մէջ ըլլալով երկրի ներկայ նախագահ Պաշար Ասատի հետ, մինչեւ 2012-ը, Ֆարէս ըսած է, որ ինք դէմ եղած է Ասատի մեթոտին եւ ռէժիմին, յայտնած , որ ընդդիմութիւնը իր որոշ պահանջներուն մէջ իրաւացի է: Ան մասնակցած է ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիպումներուն: «Սակայն երբ զինեալ հակամարտութիւնը սկսաւ, ես անդարադարձայ, որ փամփուշտը կրնայ նաեւ ինձ հարուածել: Հետեւաբար, ես իմ ընտանիքիս հետ Թուրքիա եկայ», - նշած է Ֆարէս, աւելցնելով, որ ան թրքական սահմանը անցած է ոտքով: Ֆարէս, որ որպէս հետազօտական տիեզերագնաց 1987-ին ուղարկուած էր տիեզերք, եօթ օր, 23 ժամ եւ ութ րոպէ մնացած էր այնտեղ, վերադառնալով, անոր տրուած էր «Խորհրդային Միութեան հերոս»ի կոչում եւ պարգեւատրուած էր «Լենինի մետալով»:«Տիեզերքէն լաւագոյն տեսարանը, որ կրնաս տեսնել՝ երկիր մոլորակն է, հետեւաբար ամէնէն վերակենդանացնող բանը տիեզերագնացներու համար երկիրը դիտելն է ... Դուք երկրին կրնաք նայիլ այնպէս, ինչպէս երեխայ մը կը նայի իր մօրը ... Եւ այնտեղ ոչ մէկ սահմաններ չես տեսներ, ոչ սահմաններ, ոչ պետութիւններ եւ ոչ ալ տարբերութիւնները ...»,- ըսածէ Ֆարէս:«Տէյլի» նաեւ կը նշէ, որ Ֆարէս վերջերս մասնակցած է հանդիսաւոր միջոցառման մը, կազմակերպուած Պուրսայի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ տիեզերական արդիւնաբերութեան, անջրպետի եւ պաշտպանութեան արդիւնաբերութեան խորհուրդին կողմէ, ուր ան կիսած է իր փորձը խորհուրդի աւագ անդամներու հետ: