image

Սուրիայէն Ատրպէյճան ահաբեկիչներու փոխադրութեան լուրը սուտ է .TACC

Սուրիայէն Ատրպէյճան  ահաբեկիչներու  փոխադրութեան լուրը սուտ է .TACC

Ռուսաստանեան «ԹԱԱՍ» լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ վերջին օրերուն շրջան ընող լուրերը այն մասին, որ ահաբեկիչ զինեալներ Սուրիայէն Ատրպէյճան պիտի փոխադրուին, ստապատիր լուրեր են։

Գործակալութիւնը թեմայի առնչութեամբ խօսած է Թուրքիոյ անվտանգութեան մարմիններու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ, որոնք հաւաստած են, թէ նման տեղեկութիւնները անհիմն են։

Նոյնանման յայտարարութիւն կատարած են նաեւ ատրպէյճանցի պատասխանատուներ, յայտարարելով, որ շրջան ընող լուրերը ոչ մէկ կապ ունի իրականութեան հետ։

Յիշեցնենք, որ մէկէ աւելի ԶԼՄ-ներ այս թեմայով լուրեր տարածած էին, նշելով, որ Անգարա ահաբեկիչներ կը հաւաքագրէ՝ զանոնք Ատրպէյճան  ուղարկելու եւ Հայաստանի դէմ պատերազմելու նպատակով, անոնցմէ իւրաքանչիւրին վճարելով 2500 ԱՄՆ տոլար։