Ամերիկեան, եւրոպական եւ չինական դրամատուներու ենթակայ Տուպայի համաշխարհային ելեւմտական կեդրոնը յայտարարած է, որ 2018 եւ 2019 թուականներու ընթացքին սուրիական լիրան ԱՄՆ տոլարին դիմաց 250 տոկոսի հասնող անկում պիտի ապրի, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Կեդրոնին համաձայն, նշուած ժամանակահատուածին մէջ ԱՄՆ տոլարի դիմաց սուրիական լիրայի փոխարժէքը 1500-1700 պիտի կազմէ:
Ելեւմտական կեդրոնը շեշտած է, որ նման անկում տեղի պիտի ունենայ մանաւանդ այն պատճառով, որ Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատունը կը մերժէ միջամտել ու զարկ տալ սուրիական լիրային, որպէսզի իր մօտ գտնուող դրամական պահեստը չսպառէ: